Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան շարք մը երեսփոխաններու եւ փորձագէտներու կողքին մասնակցեցաւ հանդիպումի մը, որուն նպատակը Լիբանան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնն է:
Պայրագտարեան խօսեցաւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ոլորտներուն մասին եւ ներկայացուց երկու երկիրներու երիտասարդներուն միջեւ կարելի գործակցութեան շրջագիծերը, մասնաւորաբար ճարտարագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ` շեշտելով թէ՛ Հնդկաստանի, թէ՛ Լիբանանի երիտասարդութիւններուն ունեցած եւ բոլորին ծանօթ բարձր կարողութիւններն ու ձգտումները, ինչպէս նաեւ քննարկելով զանոնք փոխանակելու կարելիութիւնը:
Նախարարը ողջունեց հնդիկ երիտասարդներու Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ձեռնարկներուն մասնակցութիւնը, մասնաւորաբար «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» փառատօներու ընթացքին եոկայի ճամբով:
Ան ըսաւ, որ եոկայի մարզաձեւը Հնդկաստանի` աշխարհին նուիրած լաւագոյն նուէրն է, եւ Լիբանան պէտք է օգտուի այդ ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լաւ յարաբերութիւններէն:


