Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, անդրադառնալով Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթիի` «Հըզպալլայի գոյութիւնը Լիբանանի համար հացէն աւելի կարեւոր է» արտայայտութեան, յայտարարեց. «Կը դատապարտենք իրանցի պաշտօնատարին այն խօսքերը, որ Լիբանանը կը դիտարկէ իբրեւ ամերիկեան նամակատուփ, մենք նաեւ կը դատապարտենք երկրին մէջ ներկայութիւնը սուրիական նախկին վարչակարգի մեծ թիւով սպաներու, որոնք պաշտպանուած են կուսակցական ու պաշտօնական կառոյցներու կողմէ եւ սպառնալիք կը ներկայացնեն երկրի ներքին կայունութեան համար»:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեծ այաթոլլա Ալի Սիսթանիին` «Լիբանանի նկատմամբ իր հոգատարութեան համար»:
Նշենք, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի հակադարձած էր Վելայաթիին` նշելով. «Մեր գերիշխանութիւնը հացէն ու ջուրէն աւելի կարեւոր է»:
Նշենք, որ Վելայաթի նաեւ յայտնած էր, որ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումները «բոլորին ցոյց տուին Հըզպալլայի զինաթափման Լիբանանի համար ունենալիք աղէտալի հետեւանքները»` աւելցնելով. «Իրան աջակցեցաւ եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ կուսակցութեան»:


