Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու

Նախագահ Աուն Նախկին Դեսպան Քարամը Նշանակեց Մեքանիզմի Յանձնախումբին Մօտ Լիբանանեան Պատուիրակութեան Նախագահ

Լիբանանի նախագահի բանբեր Նաժաթ Շարաֆէտտին երէկ առտու յայտարարեց. «Իր սահմանադրական երդման կատարման եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերագոյն շահերը պաշտպանելու իր սահմանադրական լիազօրութիւններուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ ի պատասխան 27 նոյեմբեր 2024 թուականին «Զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին հռչակագիր»-ին հիմամբ ստեղծուած «Լիբանանի համար զինուորական թեքնիք յանձնախումբ»-ին նախագահող Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ողջունելի ջանքերուն, եւ ամերիկեան կողմէն իմանալէ ետք, թէ իսրայէլեան կողմը համաձայն...

Խաղաղութեան Պապին  Խաղաղութեան Պատգամը

Խաղաղութեան Պապին Խաղաղութեան Պատգամը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութեան աւարտին Դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Խաղաղութեան պապին խաղաղութեան պատգամը` հողին կառչեցէ՛ք, պահպանեցէ՛ք պատգամի երկիր Լիբանանը, արդարութեան եւ հաւասարութեան Լիբանանը»:

Սալամ. «Պէյրութ Այցելած Պատուիրակներու  Գնահատումը Կը Հաստատէ, Որ Կացութիւնը  Վտանգաւոր Է Եւ Մագլցումի Ենթակայ»

Սալամ. «Պէյրութ Այցելած Պատուիրակներու Գնահատումը Կը Հաստատէ, Որ Կացութիւնը Վտանգաւոր Է Եւ Մագլցումի Ենթակայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պատրաստ ենք Իսրայէլի հետ անդրռազմական բանակցութիւններու, եւ լիբանանցի նախկին դեսպան մը (Մեքանիզմի) յանձնախումբին միացնելու քայլը քաղաքական ամուր զօրակցութիւն եւ ազգային հովանի կը վայելէ»: «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն այս քայլին նկարագրման մէջ շատ հեռու գնաց», աւելցուց վարչապետը: «Իսրայէլի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն դէմ չենք, եւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կապուած է խաղաղութեան հոլովոյթին», նշեց...

Ամմար. «Հըզպալլայի Պապին Ընդունելութեան  Գործուն Մասնակցութիւնն Ու Այցելութեան  Ուղեկցիլը Կ՛արտացոլացնէ Համակեցութեան  Սկզբունքին Մեր Անսասան Համոզումն Ու Նուիրուածութիւնը»

Ամմար. «Հըզպալլայի Պապին Ընդունելութեան Գործուն Մասնակցութիւնն Ու Այցելութեան Ուղեկցիլը Կ՛արտացոլացնէ Համակեցութեան Սկզբունքին Մեր Անսասան Համոզումն Ու Նուիրուածութիւնը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի պետ Ալի Ամմար յայտնեց. «Հըզպալլայի պապի այցելութեան նկատմամբ դրական վերաբերումի պատմութիւնը բարդ չէ եւ շատ բացատրութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու կարիք չունի, որովհետեւ կուսակցութիւնը ունի մարդասիրական սկզբունքներ, համայնքային չէ, մոլեռանդ չէ, ո՛չ ալ ինքնամփոփ, այլ Լիբանանի բոլոր համայնքներուն ու բաղադրիչ տարրերուն հետ հաղորդակցութեան մէջ եղող, ուստի պապին հետ հանդիպեցանք այս ոգիէն մեկնած»: Ամմար «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին...

Սուրիական Իշխանութիւնները Մեծաթիւ  Ականներ Գրաւած, 4 Մեղսակիցներ Ձերբակալած  Եւ Ուրիշ Մը Վնասազերծած Են

Սուրիական Իշխանութիւնները Մեծաթիւ Ականներ Գրաւած, 4 Մեղսակիցներ Ձերբակալած Եւ Ուրիշ Մը Վնասազերծած Են

Դամասկոսի գիւղական Եապրուտ շրջանին մէջ ներքին անվտանգութեան տնօրէնութիւնը յայտարարեց, թէ ձախողութեան մատնած է մեծաթիւ ականներ Լիբանան մաքսանենգելու փորձ մը: Տնօրէնութիւնը նաեւ յայտնեց, որ մաքսանենգման փորձին մեղսակից չորս անձեր ձերբակալած է եւ հինգերորդ անձ մը վնասազերծած:    

Ժոմպլաթ. «Իսրայէլացիին Լիբանանի Մէջ Սկսած Պատերազմը Կրնայ Մէկ Կամ Երկու Տարի Տեւել»

Ժոմպլաթ. «Ի Տարբերութիւն Յոռետեսութեան Առաքեալներուն, Պապը Յաջողութեամբ Շեշտը Դրաւ Երկխօսութեան, Սիրոյ Եւ Խաղաղութեան Սկզբունքներուն Վրայ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ, անդրադառնալով Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան կատարած եռօրեայ այցելութեան, նշեց. «Լեւոն ԺԴ. պապը յաջողութեամբ շեշտը դրաւ երկխօսութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան սկբզունքներուն վրայ` ի տարբերութիւն բոլոր կողմերէն եկող յոռետեսութեան, տեսութիւններու եւ պատերազմի առաքեալներուն»:

Կրահամ. «Լիբանանեան Բանակին Իսրայէլի Դէմ  Կռիւին Մէջ Հըզպալլային Միանալը Կը Վտանգէ Այն,  Ինչ Որ Կը Փորձենք Լիբանանին Օգնելու Համար Ընել»

«Պապին Լիբանանին Ուղղած Խաղաղութեան Ուղերձը Շատ Տառապած Ժողովուրդին Յոյս Կը Ներշնչէ» Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Կրահամ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ազդեցիկ անդամ Լինտսի Կրահամ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ կարեւորագոյն պահուն»: «Անոր ներկայութիւնը մեզի Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքի ուժի եւ միասնութեան մասին կը յիշեցնէ, իսկ անոր խաղաղութեան ուղերձը շատ տառապած ժողովուրդին յոյս կը ներշնչէ», աւելցուց քոնկրեսականը:    

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի խորհրդական Անտրէ Ռահհալը եւ անոր հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու վերջին զարգացումները: Պըրրի նաեւ ընդունեց շէյխ Ահմետ Թալեպը: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելու Ուաշինկթընի պայմանաժամը աւարտին մօտենալով, Լիբանանի վրայ ամերիկեան ճնշումները կ՛աւելնան, եւ Լիբանանը որեւէ հաւանական մագլցումէ զերծ պահելու համար սէուտական եւ...

Լիբանան Այցելելով`  Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Չկայ Խաղաղութիւն  Առանց Արդարութեան»

Լիբանան Այցելելով` Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Չկայ Խաղաղութիւն Առանց Արդարութեան»

Լեւոն ԺԴ. պապը կիրակի կէսօրէ ետք եռօրեայ այցելութեամբ հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր զինք դիմաւորեցին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու առաջին տիկին Նեհմաթ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ու անոր կինը` Ռանտա Պըրրին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամն ու անոր կինը` Սահար Պաասիրի-Սալամը, պապական նուիրակ Փաոլօ արք. Պորճիան եւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը: Պապը օդակայանին մէջ դիմաւորող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մէջ էր...

Բագրատունի. «Խաղաղութեան Պապը`  Պատգամի Երկիր Լիբանանի Մէջ»

Բագրատունի. «Խաղաղութեան Պապը` Պատգամի Երկիր Լիբանանի Մէջ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի իր դիմատետրեան էջին վրայ անդրադառնալով Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութեան գրեց. «Խաղաղութեան պապը` պատգամի երկիր Լիբանանի մէջ»: Նշենք, որ երեսփոխան Բագրատունի պապը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմէր:  

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Ձեր Այցելութիւնը Օրհնեալ Թող Ըլլայ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Ձեր Այցելութիւնը Օրհնեալ Թող Ըլլայ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութեան առիթով ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ո՜վ նորին սրբութիւն, Լիբանան ձեր այցելութիւնը օրհնեալ թող ըլլայ»:  

Բագրատունի Արծարծեց Վիգէն Իւլճեքեանի Ազատ Արձակման Պահանջը

Բագրատունի Արծարծեց Վիգէն Իւլճեքեանի Ազատ Արձակման Պահանջը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ հանդիպումի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արծարծեց Պաքուի մէջ ապօրինաբար գերեվարուած լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեանի շուտափոյթ ազատ արձակման հարցը: Նախարար Ռաժժի յայտնեց, որ հարցը լիբանանեան կողմէն ուշադրութեան առարկայ է, եւ անհրաժեշտ դիմումները կատարուած են, սակայն էականը այն է, որ հայկական կողմը հետապնդէ այս խնդիրը: Վիգէն Իւլճեքեանի...

Սալամ. «Թող Պապին Այցելութիւնը Աշխարհին  Յիշեցնէ Լիբանանի Խաղաղութիւնն Ու Բարգաւաճումը  Վերականգնելու Անհրաժեշտութեան Մասին»

Սալամ. «Թող Պապին Այցելութիւնը Աշխարհին Յիշեցնէ Լիբանանի Խաղաղութիւնն Ու Բարգաւաճումը Վերականգնելու Անհրաժեշտութեան Մասին»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Բոլոր լիբանանցիները, իրենց տարբեր պատկանելիութիւններով, կ՛ողջունեն նորին սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. պապը: Եթէ անոր Լիբանան այցելութիւնը նախ եւ առաջ եկեղեցական իրադարձութիւն է, սակայն անիկա նաեւ անոր տառապող ժողովուրդին, մասնաւորաբար անոր երիտասարդութեան եւ խաղաղութեան ձգտումին ու իրաւունքին զօրակցութեան այցելութիւն է: «Անոր հետ հանդիպումիս ընթացքին անոր ներկայացուցի Լիբանանը իր ճգնաժամէն փրկելու կառավարութեան ջանքերը, եւ անհրաժեշտութիւնը...

«Լիբանանեան Բանակին Հետ Սերտ Կերպով  Կ՛աշխատինք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կայունութեան  Վերականգնման Նպաստելու Համար»  Կ՛ըսէ ՖԻՆԻՒԼ

«Լիբանանեան Բանակին Հետ Սերտ Կերպով Կ՛աշխատինք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կայունութեան Վերականգնման Նպաստելու Համար» Կ՛ըսէ ՖԻՆԻՒԼ

ՖԻՆԻՒԼ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Զինադադարի համաձայնութենէն ի վեր, խաղաղապահները լիբանանեան բանակին հետ սերտ կերպով կ՛աշխատին հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան վերականգնման նպաստելու համար, ներառեալ աջակցելու բանակին շուրջ 130 դիրքերու վրայ տեղակայման, ինչ որ հիմնական քայլ է հարաւային Լիբանանի մէջ պետութեան իշխանութեան ամրապնդման համար»: ՖԻՆԻՒԼ նշեց, թէ կը շարունակէ հետեւիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի խախտումներուն, եւ անոնց վերաբերեալ զեկուցումներ...

Պայրագտարեան Մեկնաբանեց Ֆութպոլի  Միջազգային Ֆետերասիոնի  Նախագահի Լիբանան Այցելութիւնը

Պայրագտարեան Մեկնաբանեց Ֆութպոլի Միջազգային Ֆետերասիոնի Նախագահի Լիբանան Այցելութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան մեկնաբանեց ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահի Լիբանան այցելութիւնն ու անոր հետ իր հանդիպումը` ըսելով. «Իբրեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, նախագահ Ճիանի Ինֆանթինոյի հետ գումարեցի չափազանց արդիւնաւէտ ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցինք գործակցութեան ամրապնդումը, երիտասարդութեան բարգաւաճման ու զարգացման ծրագիրները եւ մեր երկրին մէջ ֆութպոլի զարգացման ամրապնդումը»: «Պարոն Ինֆանթինոն տեղեակ պահեցի նախարարութեան մէջ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան...

Հաղորդագրութիւն  (Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հաղորդագրութիւնը` Թափօններու Թաղման Վայրին Մասին)

Կոչ Պուրճ Համուտի Բնակչութեան

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կոչ կ՛ուղղէ շրջանի բնակիչներուն, որ երեքշաբթի, 2 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:15-ին համախմբուին Պուրճ Համուտի «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրին բակը, որպէսզի հոնկէ անցնին մայրուղի` դիմաւորելու համար Լեւոն ԺԴ. պապը: ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Երկուշաբթի Եւ Երեքշաբթի Պաշտօնական  Արձակուրդի Օրեր` Լիբանանի Մէջ

Երկուշաբթի Եւ Երեքշաբթի Պաշտօնական Արձակուրդի Օրեր` Լիբանանի Մէջ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ հրապարակեց պաշտօնական շրջաբերական մը, որուն մէջ նշեց, որ Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան տուած պաշտօնական այցելութեան առիթով եւ լիբանանեան հասարակութեան տարբեր շերտերուն պապին ընդունելութեան կարելիութիւն ընձեռելու նպատակով, երկուշաբթի, 1 եւ երեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2025-ը կը յայտարարուին պաշտօնական արձակուրդի օրեր: Այս առիթով երկրին մէջ գործող բոլոր պետական վարչութիւնները եւ հաստատութիւնները, քաղաքապետութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլոր պետական եւ սեփական վարժարաններն...

«Հըզպալլան Իր Ուժերը Կը Վերականգնէ,  Եւ Իսրայէլի Ու Ամերիկայի Համբերութիւնը  Սկսաւ Սպառիլ, Ինչ Որ Մագլցումի Կրնայ Յանգեցնել»  Կ՛ըսեն Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ

«Հըզպալլան Իր Ուժերը Կը Վերականգնէ, Եւ Իսրայէլի Ու Ամերիկայի Համբերութիւնը Սկսաւ Սպառիլ, Ինչ Որ Մագլցումի Կրնայ Յանգեցնել» Կ՛ըսեն Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին. «Հըզպալլան օրէ օր իր ուժերը կը վերականգնէ, եւ Իսրայէլի ու Ամերիկայի համբերութիւնը սկսաւ սպառիլ, ինչ որ կրնայ մագլցումի յանգեցնել»: «Հըզպալլան աշխուժ կերպով կ՛աշխատի իր ուժերու վերականգնման, սուրիական սահմաններուն ճամբով հրթիռներու մաքսանենգման եւ իր դիրքերուն ռազմակայաններուն վերակառուցման վրայ», ըսած են անոնք: «Այսպիսի քայլերը կրնան Իսրայէլի հիւսիսային սահմանին վրայ գործողութիւններու յաւելման յանգեցնել», շեշտած են իսրայէլացի...

Պըրրի. «Ներկայ Ընտրական Օրէնքն Է,  Որ Առանց Որեւէ Բարեփոխումի  Պիտի Գործադրուի»

Պըրրի. «Ներկայ Ընտրական Օրէնքն Է, Որ Առանց Որեւէ Բարեփոխումի Պիտի Գործադրուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին կտրուկ կերպով հերքեց, թէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը Լիբանանին որեւէ սպառնալիք փոխանցած է` աւելցնելով, որ քննարկուածը «ընդհանուր մթնոլորտի մէջ» ըլլալէ դուրս չէ եկած: Անդրադառնալով մինչեւ այս ամսուան վերջը իսրայէլեան պայմանաժամի կամ պատերազմի մօտալուտութեան մասին տարաձայնութիւններուն` Պըրրի ըսաւ. «Այս մթնոլորտին աղբիւրը իսրայէլեան լրատուամիջոցներն ու իսրայէլացի թշնամիի յայտարարութիւններն են, եւ իսրայէլացիները շաբաթներէ ի...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Լեւոն  ԺԴ. Պապի Այցելութեան Առիթով  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեց

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապի Այցելութեան Առիթով Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեց

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Լեւոն ԺԴ. պապի ընդունելութեան տարբեր մարզերու մասնակցութեան առիթ ընծայելու նպատակով վարչապետ Նաուաֆ Սալամի` պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները, բոլոր պետական ու սեփական համալսարաններն ու դպրոցները փակելու թիւ 38/2025 որոշումէն մեկնելով եւ նոյն նպատակին համար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ծիրին մէջ գտնուող խանութներու եւ հաստատութիւններու սեփականատէրերուն ու տնօրէններուն կոչ կ՛ուղղէ երկուշաբթի, 1 դեկտեմբերին փակելու...

Page 70 of 986 1 … 69 70 71 … 986

Արխիւներ