Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Արտաքին դիւանագիտական շարժումը բարձր կշռոյթի հասած է Լիբանանի հարցով հետաքքրուած երկիրներուն տրամադրութեան տակ գտնուող այն տեղեկութեան պատճառով, թէ կը սպասուի սրում, որմէ կարելի է խուսափիլ, եթէ աւելի մեծ թափանցիկութիւն ըլլայ հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի գործողութիւններուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ միջազգային վստահութիւնը աւելնայ Լիբանանի` Հըզպալլան զինաթափելու լուրջ մտադրութեան նկատմամբ, որպէսզի միջազգային ընտանիքը կարենայ օգնել Լիբանանին եւ ճնշում գործադրել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի նահանջէ գրաւեալ կէտերէն եւ դադրեցնէ իր ամէնօրեայ յարձակումները»:
«Յստակ է, որ Հըզպալլան կը մերժէ պետութեան հետ գործակցիլ եւ կը մերժէ իր զէնքը յանձնել, այն պատրուակով, թէ այդ զէնքը Իսրայէլի հետ բանակցութեան մէջ պետութեան ձեռքին մէջ խաղաղութեան քարտ է», նշեց երեսփոխանը:
«Կուսակցութիւնը պետութիւնը նեղ կացութեան կը մատնէ Լիբանանը յաւելեալ վտանգներու կը մատնէ եւ պետութեան որեւէ կարողութիւն չի տրամադրեր փաստելու, թէ կուսակցութիւնը իր իշխանութեան ենթակայ է եւ կրնայ զէնքը կազմաքանդել, երբ այդ մէկը կատարել որոշէ», ըսաւ Հասպանի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ լուծման բանալին Իրանի՞ մէջ է, երեսփոխանը նշեց. «Միակ լուծումը լիբանանեան լուծումն է, եւ կուսակցութիւնը ինք պատասխանատու պէտք է նկատուի լիբանանցիներուն ապահովութեան, ինչպէս նաեւ պէտք է պատասխանատու կերպով վարուի եւ պետութեան հետ գործակցի»:


