Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամին, բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալին եւ բոլոր առնչակիցներուն կոչ ուղղեց արագացնելու զէնքի մենաշնորհման կշռոյթը եւ երկաթէ բռունցքով հարուածելու, որովհետեւ Լիբանանի ապագան կախեալ է պետութեան զէնքի մենաշնորհման պարտականութիւնը կատարելէն: Ան այս մասին յայտնեց «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Ասիկա ոչ ոքի մարտահրաւէր ուղղել է, այլ որպէսզի լիբանանցիները իրենց իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով հաւասար ըլլան», նշեց ան:
Ժեմայել ցաւ յայտնեց, որ «Հըզպալլան ո՛չ լիբանանցիներուն, ո՛չ ալ պետութեան կարծիքը հարցուց, երբ Իսրայէլի հետ ճակատումի մէջ մտաւ, ո՛չ պետութեան, ո՛չ խորհրդարանին հարցուց, երբ Իսրայէլի հետ զինադադար կնքեց, ուստի ան եւ Իսրայէլը առանձին կը գործեն, իսկ մենք` իբրեւ պետութիւն, այս տագնապին հետեւանքները կը կրենք եւ ատոր մէջ կարծիք չունինք»:
Երեսփոխանը կոչ ուղղեց, որ պետութիւնը վերստանձնէ իր որոշումն ու իշխանութիւնը, «եւ մնացեալ բոլորը անօգուտ կարգախօսներ են: Այնքան ատեն որ Հըզպալլան կը պնդէ գոյութիւն ունենալ եւ Լիբանանի մէջ Իրանի որոշումները կը գործադրէ, չկայ օգտակար բան մը, ո՛չ զինադադարի համաձայնութիւնը, ո՛չ ալ ուրիշ բան»:
«Պաշտօնական Լիբանանը զէնքի մենաշնորհման որոշում տուաւ, եւ կը փորձէ պետութեան իշխանութիւնը տարածել ամբողջ Լիբանանի տարածքին, եւ եթէ կուսակցութիւնը ինքզինք վերազինելու վրայ եւ ինքզինք վերականգնելու վրայ պնդէ, ապա պետութիւնը անոր եւ անոր արարքներուն պատասխանատու չէ», ըսաւ Ժեմայել:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը կոչ ուղղեց, որ պետութիւնը եւ լիբանանցիները պատասխանատու չնկատուին Հըզպալլայի արարքներուն, «որովհետեւ անիկա ընտրեց իր երթը պետութեան երթէն անջատել եւ պետութեան զուգահեռ սպառազինութիւն ունենալ, իր հրամանները Իրանէն ստանալ, բանակցիլ եւ համաձայնութիւն գոյացնել: Ուստի առանձինը թող կրէ տեղի ունենալիքին պատասխանատուութիւնը, եւ պետութիւնը ատոր պատասխանատուութիւնը պէտք չէ կրէ»:


