. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրէ ետք հարաւային Լիբանանի Իքլիմ Թուֆահի, Ժարմաքի եւ Համմուտիէի բարձունքներուն դէմ շարք մը յարձակումներ գործեց:
. ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն նշեց, որ ինք կատարած է քանի մը նախաձեռնութիւններ` ստեղծուած կացութեան կայուն լուծումներ գտնելու համար, սակայն հակառակ այդ նախաձեռնութիւններուն, որոնց վերջինը Անկախութեան տօնի նախօրեակին էր, միջազգային դրական ընկալման առումով գործնական արձագանգ չէ ստացած:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Օրթէյկըսի Պէյրութ այցելութիւնը ծիրին մէջ է ամերիկեան նոր ուղղուածութեան մը, որ կը վերադասաւորէ Լիբանանի թղթածրարին նկատմամբ Ուաշինկթընի մօտեցումը` մեկնելով ապահովական ու զինուորական նկատառումներէ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի «Մեքանիզմ» անունով ծանօթ համակարգման գործիքակազմին»:
Աղբիւրը կը նշէ, որ այցելութեան թուականը պաշտօնական կողմերուն պիտի փոխանցուի Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութեան աւարտէն անմիջապէս ետք:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Վերջին ապահովական զարգացումներէն ետք, որոնց գլխաւորը Իսրայէլի Թապաթապաին ահաբեկելն ու հանրապետութեան նախագահի բանակցութեան նախաձեռնութիւնը մերժելն էր, ոչինչ մտածել կու տայ, թէ հարցերը դէպի լուծում կ՛ուղղուին»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «մեծ պետութիւններու շարք մը դեսպանատուներ Պէյրութ բնակող իրենց քաղաքացիներուն տեղեկացուցին, թէ առնուազն մինչեւ զէնքի մենաշնորհման համար բանակի ծրագիրին հիմամբ մինչեւ տարեվերջ ճշդուած պայմանաժամի աւարտը, յարձակումներուն ընդլայնուելով մեծ պատերազմի տարողութեան հասնիլը չեն նախատեսեր»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Յառաջիկայ օրերուն աշխուժ հաղորդակցութիւններ տեղի պիտի ունենան շաբաթներէ ի վեր տիրող սառած վիճակին վերջ տալու եւ լիբանանեան ճգնաժամը անել կացութենէն դուրս բերել փորձելու համար: Հարցերը դրական ուղղուածութիւն պիտի ստանան շրջանային ճկունութեան ցուցանիշերու երեւան գալէն ետք»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլի ներկայ քաղաքականութիւնը յստակ է: Անիկա կը հիմնուի իր թշնամիներուն դէմ պատերազմին մէջ կանխարգելիչ նախաձեռնութեան վրայ, ուստի կը փորձէ Հըզպալլայի ղեկավարներու ահաբեկման գործողութիւններ կատարել եւ, իսրայէլեան պնդումներու հիմամբ, զէնքերու կեդրոններ թիրախաւորել»:
. ԱՐԱԲԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Թապաթապաիի ահաբեկումը «Նեթանիահուի խենթութեան» եւ Իսրայէլի իշխող համախմբումի ջղագարութեան ծիրին մէջ է: Ահաբեկումը Հըզպալլային հարուած էր, սակայն իսրայէլեան կառավարութեան ըսածին պէս ցաւալի կամ մահացու հարուած չէ»:
. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլին հակադարձէ, անգիտակցաբար Նեթանիահուին սկուտեղի վրայ նուէր տուած պիտի ըլլայ, որովհետեւ պատերազմը միակ ազդակն է, որ Նեթանիահուն իշխանութեան վրայ կը պահէ եւ ներքին հաշուետուութիւնը անկէ կը հեռացնէ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Պաապտայի պալատին եւ Հարեթ Հրէյքի միջեւ հաղորդակցութիւնները, որոնք որոշ ատեն դադրեցան, պիտի վերականգնին: Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը կը հասկնայ անձնապէս Աունի վրայ արտաքին ներշնչումով նոյնիսկ կառավարութեան մէջ բանեցուող ճնշումներուն բնոյթը»:
. ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարի Պէյրութ այցելութիւնը թափ կը ստանայ` ի յայտ գալով ընդհանուր ծիրի մը, որուն վրայ պէտք է կառուցել յառաջիկայ փուլին: Հաղորդակցութիւնները պիտի չսահմանափակուին միայն լիբանանցի պաշտօնատարներով, այլ պիտի ներառեն նաեւ իրանցիները»:


