. ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի պատուիրակ Ալֆրետ Ռիաշին եւ անոր հետ քննարկեց վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ այժմէական կարեւորագոյն նիւթերը:
. ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթ. «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները մագլցում կ՛արձանագրեն կշռոյթով մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Թել Աւիւ պայմանական ապահովական հակադարձութեան ծիրին մէջ չի գործեր, այլ թշնամական ռազմավարութեան մը հիմամբ, որուն նպատակը Լիբանանը մաշեցնել, ներքին հաւասարակշռութիւնը խալխլել եւ ստեղծել է լարուած մթնոլորտ մը, որ ամբողջ շրջանը դէպի տեւական անկայունութեան իրավիճակի կը մղէ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Թուրք պաշտօնատարներ կը քննարկեն որդեգրումը շարք մը քայլերու, որոնք կ՛արտացոլեն Կիպրոսի հետ սահմանագծման համաձայնութեան նկատմամբ դժգոհութեան մակարդակը` Լիբանան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ բացասական հետեւանքներու վերաբերեալ մտահոգութիւններու պայմաններու մէջ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ երեսփոխանական աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Ստորագրումը առաջին տառերով էր, եւ Կիպրոսի հետ համաձայնութիւնը կնքուած չի նկատուիր, եւ, ինչպէս 2007 թուականի համաձայնութեան պարագային, իրաւական գետնի վրայ գոյութիւն չունի: Խորհրդարանը իր սահմանադրական իրաւասութիւններէն պիտի չհրաժարի կամ զանոնք ուրիշին պիտի չփոխանցէ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլ չընդառաջեց Փարիզի ղեկավարած եւ Վատիկանի հետ համակարգուած` պապի այցելութեան ընթացքին Լիբանանի դէմ թշնամական արարքները ժամանակաւորապէս դադրեցնելու ջանքերուն, որովհետեւ Ուաշինկթըն մերժեց այդ ծիրին մէջ որեւէ երաշխիք տալ»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Նախագահական պալատը լրջութեամբ ընկալեց նախագահ Աունի Սպիտակ տուն այցելելու հրաւէրը, թէկուզ անիկա տակաւին պաշտօնական չէ, եւ Թրամփի լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ծիրին մէջ հնչեց, սակայն հրապարակաւ եւ Սպիտակ տունէն չհնչեց»:
. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Նախանձախնդրութիւն գոյութիւն ունի Լիբանանի արաբական եւ միջազգային բարեկամութիւններուն նկատմամբ, եւ աշխատանք կը տարուի պահպանելու Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները եւ վերացնելու այն, ինչ որ յանգեցուցած է եւ կրնայ յանգեցնել անոր վնասման»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Իսրայէլ կը հետեւի Թապաթապաիի հաւանական յաջորդներուն եւ կրնայ ապագային վնասազերծելու թիրախներ ճշդել»:
. ՄԵԾ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան այսօր ունի թերեւս անկրկնելի առիթ մը ճնշումներու ենթակայի դիրքէն եւ շրջանային ցնցումներէն ազդուողէն դառնալու ներգործող դերակատարի, որ կարող է ինքզինք զերծ կացուցել այլոց տագնապներէն»:
. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Իսրայէլ խոչընդոտեց պապին Կազա այցելութիւնը: Ան կ՛ուզէր, որ իր արտասահման առաջին այցելութիւնը Թուրքիա այցելելէն ետք եւ Լիբանան այցելելէն առաջ Կազայի մէջ կարեւոր փուլ մը ունենայ»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի եւ պիւթակազի գիները մնացին անփոփոխ` յաջորդաբար 1.460.000 լ.ո., 1.500.000 լ.ո. եւ 1.084.000 լ.ո.: Մազութին գինը նուազեցաւ 12000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.448.000 լ.ո.-ի:


