Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Աքքար, ուր հաստատեց, որ ինք այս շրջանը կ՛այցելէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարի իր հանգամանքով:
Պասիլ առաւօտեան հասաւ Պըպնին-Ապտէ` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի:
Ապտէի մէջ Պասիլ ընդգծեց քաղաքացիներուն իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ լիբանանցիները իրարու պէտք է նեցուկ կանգնին եւ զիրար օժանդակեն` աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար:
«Ճիշդ է, որ մենք կը տարբերինք իրարմէ, եւ այդ է մեր իսկական հարստութիւնը, որովհետեւ այդ իրականութեամբ հանդերձ մենք գոյակցիլ գիտենք եւ համերաշխութեամբ կ՛ապրինք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի կայունութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը իսկական հիմքեր են:
Պասիլ յայտնեց, որ բարգաւաճումն ու յառաջդիմութիւնը կարելի է ապահովել տնտեսական աճով: «Բայց եւ այնպէս երկրին մէջ ոչ մէկ բարգաւաճում կարելի պիտի ըլլայ արձանագրել, երբ փտածութիւնը կը սպառնայ պայթեցնել Լիբանանը: Լիբանանի բոլոր շրջաններուն կարիքները կը ջանանք գոհացնել` ապահովութիւն եւ կայունութիւն հաստատելով», հաստատեց Պասիլ:
Պասիլ այցելեց նաեւ Աքքարի Քաուս մզկիթը, ուր հաստատեց, որ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ գոյակցութիւնը Լիբանանի իւրայատկութիւնն է: «Իւրաքանչիւր ոք պէտք է իր նկարագիրը ունենայ եւ քաղաքականութեան մէջ մրցակցութիւն ըլլայ, իսկ երկրին սպառնացող վտանգներուն դէմ` միասնականութիւն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընդդիմացած է Լիբանանը հարուածող բոլոր վտանգներուն եւ միշտ եղած է լիբանանցիին կողքին` ընդդէմ օտարին:
Պասիլ շեշտեց, որ անբաղձալի է իրենց համար արտաքին հարցերու միջամուխ դառնալ` շեշտելով Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ կայ արտակարգ իրականութիւն մը, որ կը մարմնաւորուի հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ եւ ընտրական օրէնքին մշակումով: Ան նշեց, որ լիբանանցիները ընտրեցին երկրին նախագահը եւ վաւերացուցին ընտրական օրէնքը:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ պէտք է օտար պետութիւններու միջամտութիւններուն եւ անոնց դեսպաններու խորհուրդներուն չափ ու սահման ճշդել:
«Իբրեւ լիբանանցիներ, մենք մեր ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանել պէտք է գիտնանք, որովհետեւ անիկա մեր իսկական գանձն է», հաստատեց Պասիլ:
Քուեշրայի լիճի բացումին ընթացքին Պասիլ ներկայացուց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այս առիթով ինք մէկ պատգամ ունի փոխանցելիք, այն, որ Լիբանանի կայունութիւնը արդէն իսկ առկայ է եւ անիկա ամրապնդուելու ընթացքին մէջ է:
Պասիլ հաստատեց, որ Քուեշրայի լիճը շրջանի բարգաւաճման պիտի ծառայէ, ինչպէս նաեւ առիթ պիտի ընծայէ ելեկտրական հոսանք արտադրելու:
Նշենք, որ երեկոյեան Պասիլ Ժտէյտէ գիւղաքաղաքին մէջ բացումը կատարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Աքքարի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ Շէյխ Թապայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի Աքքարի առաջնորդ Պասիլիոս Մանսուր եպիսկոպոսին հետ:
Միւս կողմէ, նշենք, որ Պասիլ հինգշաբթի երեկոյեան դարձաւ «Քալամ Էլ Նաս» յայտագիրին հիւրը: Հարցազրոյցին ընթացքին ան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Սուրիոյ հետ ունեցած իր յատուկ յարաբերութիւններէն չ՛ամչնար` աւելցնելով, որ ինք Նիւ Եորքի մէջ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հետ հանդիպած է` երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն շրջագիծին մէջ:
«Ան նշեց, որ թէեւ Մոալլեմի հետ իր հանդիպումին շուրջ մեծ աղմուկ բարձրացած է, սակայն ինք` իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, իր իրաւասութիւններուն ծիրին մէջ գործած է: Ոչ ոքի ամբաստանութիւնը կ՛ընդունիմ, մանաւանդ այն իմաստով, որ յարձակումները միայն ինծի դէմ էին եւ ոչ թէ այն նախարարներուն, որոնք Սուրիա այցելեցին: Յանձնառու եմ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն գոհունակութիւնը կ՛ուզեմ տեսնել, նախքան սուրիացիներունը», ըսաւ ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ տարակարծիք չեն, Հըզպալլայի հետ իրենց փոխըմբռնումին հաւատարիմ կը մնան, իսկ միջքրիստոնէական համաձայնութեան կառչած են` գիտակցելով, որ ո՛չ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մաս պիտի կազմէ, ո՛չ ալ հակառակը:


