Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաատ. «Պասիլ-Մոալլեմ Հանդիպումը Դրական Է Եւ Պէտք Չէ Միջազգային Ճնշումներու Ենթակայ Ըլլալ»

September 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, զոր ընթերցեց երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա:

Ան ընդգծեց Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը` երկրին բոլոր հարցերուն լուծման վերաբերող, սկսեալ աշխատավարձի յաւելումներէն եւ պետական ամավարկի հաշուեփակին շուրջ արձանագրուած տարակարծութիւններէն, հասնելով սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կազմակերպումին:

Ֆատլալլա շեշտեց, որ Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան բովանդակութիւնը յստակ է, ինչպէս նաեւ բաւարար` ճշդելու իրաւասութիւններն ու իրականացնելու հաւասարակշռութիւնները:

«Պլոքը ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտայայտած կեցուածքները, թէ՛ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն եւ թէ՛ Ֆրանսայի մէջ, յատկապէս պահպանելով Լիբանանի իրաւունքը Դիմադրութիւն ունենալու եւ բնակեցումի մերժումին առումով: Պլոքը կարեւոր ու դրական գնահատեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հանդիպումը Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ եւ կոչ ուղղեց` չենթարկուելու միջազգային ճնշումներուն, որոնք կրնան վնաս հասցնել Լիբանանի շահերուն», ըսաւ Ֆատլալլա:

Ան հաստատեց, որ Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան Քոնկրեսին որոնած պատիժները Լիբանանը թիրախ դարձնող բռնարարքներ եւ մագլցողական քայլեր կը նկատուին` աւելցնելով, որ ոչ ոք պիտի կարենայ Լիբանանէն խլել իր հողը պաշտպանելու իրաւունքը:

ՆՇԵՆՔ, որ ամերիկեան Քոնկրեսին արտաքին հարցերու յանձնախումբը Հըզպալլայի դէմ նոր պատժամիջոցներ վաւերացուց:

Նախորդը

Միքաթի Եւ Ռիֆի Ընդգծեցին Թրիփոլիին Ծառայելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Ա. Կիտանեան. «Լիբանանը Պէտք Է Վերահաստատել Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային Քարտէսին Վրայ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.