Կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին վարչապետարանին մէջ դարձեալ պիտի գումարէ նիստ մը` վերջնականացնելու համար աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորող տուրքերուն բարեփոխումները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր երէկուան նիստին:
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստէն առաջ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Հարիրիի հետ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Պըրրի բարի վերադարձ մաղթեց նախագահ Աունի եւ ողջունեց Ֆրանսա կատարած անոր այցելութեան ընթացքին արտայայտած կեցուածքները:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը համախոհութեամբ որոշեց տուրքերու դրութիւնը բարեփոխել` աշխատավարձի յաւելումները վճարելու համար:
Ան նշեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ` աւելցնելով, որ այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի ամբողջանան այդ օրէնքին բանաձեւումները:
Աւելի ուշ Ռիաշի թուիթըրեան գրառումով մը շնորհաւորեց պետական պաշտօնեաները, որոնք իրենց ամսական աշխատավարձերը յաւելումով պիտի ստանան: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան այսօրուան նիստին ելեւմտական կայունութիւնն ու իրաւունքները պիտի ամրապնդուին:
Ռիաշի աւելցուց նաեւ, որ նիստին սկիզբը նախագահ Աուն անդրադարձած է Նիւ Եորք եւ Ֆրանսա կատարած իր զոյգ այցելութիւններուն արդիւնքներուն` հաստատելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն եւ բնակեցումի մերժումի Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին իմաստով կայ միջազգային ըմբռնում:
Աշխատավարձի յաւելումներուն անդրադառնալով` նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլորին` ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները:
Իր կարգին, Հարիրի շեշտեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայնած են աշխատավարձի յաւելումները վճարելու` նշելով սակայն, որ Սահմանադրական խորհուրդին որոշումին լոյսին տակ նոր իրականութիւն մը հաստատուեցաւ եւ հարկ է այդ իմաստով քայլերու դիմել:
Հարիրի նկատել տուաւ նաեւ, որ այդ քայլերուն մասին քաղաքական տարբեր կողմերուն կեցուածքները նոյնը չեն, այդ պատճառով ալ պէտք է քննարկել եւ խորհրդակցիլ` վերջնական լուծումներու յանգելու նպատակով:
Բողոքի Նստացոյց Նախագահական Պալատ Տանող Քառուղիին Վրայ
Սենտիքայական համագործակցութեան խորհուրդը, Լիբանանեան պետական վարժարաններու
երկրորդականի ուսուցիչներու լիկայի
վարչութիւնը, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը եւ այլ սենտիքաներ ներկայացնող անդամներ, պետական պաշտօնեաներ եւ ուսուցիչներ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատ տանող քառուղիին վրայ կատարեցին բողոքի նստացոյց մը` պահանջելով վճարել օրէնքով վաւերացուած իրենց իրաւունքը` աշխատավարձի յաւելումները:
Մինչ կառավարութիւնը կը գումարէր իր նիստը, ցուցարարները կը պահանջէին իրենց իրաւունքները, իսկ կառավարութեան նիստէն ետք Սենտիքայական համագործակցութեան խորհուրդը եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն գործադուլը:
Իր կարգին, Լիբանանեան պետական վարժարաններու երկրորդականի ուսուցիչներու լիկայի վարչութիւնը հաստատեց, որ դասադուլը պիտի շարունակուի այսօր եւս:


