ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն կոչ ուղղեց` զգուշանալու Արսալի, Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ շրջելէ, որովհետեւ տակաւին հոն կան ականներ եւ ականուած գօտիներ, որոնք վնասազերծուելու ընթացքի մէջ են:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ժամանակը եկած է արդէն գործադրելու սահմանադրութեան այն կէտը, որուն համաձայն, պէտք է լիբանանեան շրջաններուն մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրագործել:
ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապին որոշումին համաձայն, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա նշանակուած է Ֆիլիփեան կղզիներու դեսպան: Այս որոշումին լոյսին տակ Քաչիա հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որոնք անոր յաջողութեան բարեմաղթութիւններ յայտնեցին:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլան շեշտեց, որ պիտի մասնակցին Պաապտայի, Ռաշայայի, Հասպայայի, Պէյրութի, Ալէյի եւ Շուֆի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ խորհրդարանը Լիբանանի վրայ իր հակակշիռը պահած է` պահպանելու համար երկրին հաւասարակշռութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ բանակին եւ Դիմադրութեան միջեւ զիրար ամբողջացնելու իրականութիւնը Լիբանանի ռազմավարական իսկական գանձն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի միջեւ հանդիպումը կը համապատասխանէ լիբանանեան պետութեան քաղաքականութեան:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը երէկ ձերբակալեցին սուրիացի մը, որ կը պատկանէր ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ մեղսակցած էր լիբանանեան բանակին զինուորականներուն առեւանգումին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ԿԵդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Սուրիոյ հետ գործակցողը շահաւոր դուրս պիտի գայ, իսկ այս գործակցութիւնը մերժողը` պիտի ձախողի: Ան ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը Սուրիոյ մէջ յաղթանակ արձանագրած է եւ յաւելեալ նուաճումներ իրականացնելու կարողութիւն ունի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա հրաւիրուող քաղաքական անձնաւորութիւնները անոնք են, որոնք Արսալի մէջ ահաբեկչութիւնը քաջալերած են:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական աղբիւրներ կը հաստատեն սուրիական կառավարութեան հետ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու համար:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ առանց Դիմադրութեան առանցքին` ՏԱՀԵՇ-ականութեան մտայնութիւնը ամէնուրեք պիտի տարածուէր: