Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան անցեալ շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Ֆրանսա, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ զբօսաշրջութեան բնագաւառի պատասխանատուներուն հետ` երկկողմանի զբօսաշրջական յարաբերութիւնները բարելաւելու շրջագիծին մէջ:
Նախարար Կիտանեան հանդիպում ունեցաւ ճամբորդական գրասենեակներու, պտոյտներ եւ այլ ձեռնարկներ կազմակերպող 120 ընկերութիւններու հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան շեշտեց Լիբանանի զբօսաշրջական առաւելութիւնները` ընդգծելով, որ անիկա եւրոպացիներուն եւ յատկապէս ֆրանսացիներուն համար զբօսաշրջական հիմնական վայր մըն է, ինչպէս նաեւ խորհրդաժողովներ հիւրընկալելու յարմար երկիր:
Նախարար Կիտանեան, աւարտելէ ետք Ֆրանսա կատարած իր այցելութիւնը, երէկ ուղղուեցաւ Քաթար` մասնակցելու համար Զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան հրաւիրած Զբօսաշրջութեան համաշխարհային օրուան յատուկ ձեռնարկին:



