Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Աւարտեց Ֆրանսա Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը Եւ Վերադարձաւ Պէյրութ

September 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին աւարտեց Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը եւ վերադարձաւ Պէյրութ:

Նախքան Փարիզէն վերադարձը,  նախագահ Աուն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին յղեց հեռագիր մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ դիմաւորումին եւ ընդունելութեան համար` ընդգծելով, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են: Հեռագիրին մէջ շեշտուեցաւ, որ նախագահ Աուն անհամբեր կը սպասէ  յառաջիկայ գարնան Մաքրոնի Լիբանան այցելութեան:

Նշենք, որ նախագահներ Աուն եւ Մաքրոն փոխանակեցին շքանշաններ: Նախագահ Աուն Մաքրոնին յանձնեց Մայրիներու ոսկեայ շքանշանը, որ Լիբանանի հանրապետութեան բարձրագոյն շքանշանն է, իսկ Մաքրոն նախագահ Աունի Ֆրանսայի բարձրագոյն` Ֆրանսայի Մեծ Խաչ պատուոյ շքանշանը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ կէսօրին այցելեց խորհրդարան, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Ֆրանսուա տը Ռիւկիի հետ:

Տը Ռիւկի ողջունեց նախագահ Աունը` ընդգծելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը,  ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ ֆրանսական խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Տը Ռիւկի հաստատեց, որ նախագահ Աունի Փարիզ կատարած պաշտօնական այցելութիւնը  կարեւոր հանգրուան մըն է` Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ արդէն իսկ ամրապնդուած յարաբերութիւնները աւելի եւս հզօրացնելու:

Նախագահ Աուն իր կարգին շեշտեց, որ լիբանանեան-ֆրանսական կապերը աւելի եւս զօրացած են այս այցելութեան լոյսին տակ, որ իր դրական ու շօշափելի արդիւնքները պիտի ունենայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ:

Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապին ունեցած հետեւանքները:

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Ֆրանսա Եւ Ուղղուեցաւ Քաթար

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները Բողոքի Ցոյց Մը Պիտի Կատարեն Նախագահական Պալատ Տանող Քառուղիին Վրայ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.