Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Մշակեց Տուրքերու Բարեփոխումի Օրինագիծ Մը Եւ Զայն Ուղարկեց Խորհրդարան

September 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր արտակարգ նիստը, նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` համախոհութիւնը պահպանելու անոնց ջանքերուն համար:

Ան շեշտեց, որ համախոհութեան նպատակն է Լիբանանը փրկել տագնապէ մը եւ տալ որոշումներ` պահպանելու ելեւմտական կայունութիւնը, ապահովելու յաւելումները, ինչպէս նաեւ զանոնք ֆինանսաւորող ներդրումները:

Հարիրի նշեց, որ քաղաքական, տնտեսական թէ այլ բնագաւառներու մէջ պէտք է այս ձեւով գործել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին եւ քաղաքացիին շահերը ապահովել: «Գժտութիւնն ու երկփեղկումները երկրին շահերուն չեն ծառայեր», ըսաւ ան:

Նիստէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ կառավարութիւնը առաջին իսկ օրէն ըսած էր, որ ինք յանձնառու է խորհրդարանին որոշումները գործադրելու, Սահմանադրական խորհուրդին որոշումները յարգելու, ինչպէս նաեւ երկրին ելեւմտական կայունութիւնը պահպանելու:

«Այս դիտանկիւններէն մեկնելով,  կառավարութիւնը իր նախորդ 4 նիստերուն աշխատեցաւ եւ կրցաւ յանգիլ տուրքերու բարեփոխումի օրինագիծի մը, որ ուղարկուեցաւ խորհրդարան», ըսաւ ան:

Հարիրի աւելցուց նաեւ, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին համաձայնած են նաեւ պետական ամավարկի հաշուեփակ կատարելու տարբերակի շուրջ, որուն իբրեւ արդիւնք խորհրդարանը պիտի կարենայ մօտիկ ապագային պետական ամավարկը վաւերացնել:

Հարիրի շեշտեց, որ քաղաքական համախոհութեան շնորհիւ է, որ դարձեալ կարելի եղաւ յաւելումներու այս թղթածրարի թնճուկը լուծել:

Ան ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան եւ խորհրդարանին միջեւ տագնապ գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ կայ Լիբանանը շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու կեցուածքին շուրջ տարակարծութիւն: «Իմ պարագայիս օրինակ, ես բնաւ պատրաստ չեմ սուրիական վարչակարգին հետ գործակցելու: Այո՛,  կարելի է ըսել, որ այս իմաստով քաղաքական տարակարծութիւն կայ, որովհետեւ ես համաձայն չեմ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ անոր սուրիացի պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի միջեւ հանդիպումին», ըսաւ ան:

Հարիրի կոչ ուղղեց բոլոր սենտիքաներուն` բեկանելու գործադուլի իրենց որոշումի եւ դպրոցներուն` բանալու իրենց դռները: «Ձեր կատարած գործադուլը անիմաստ է, որովհետեւ կառավարութիւնը իր պարտականութիւնները կը կատարէ եւ աշխատավարձի յաւելումները պիտի վճարուին, ինչպէս որ վաւերացուած են», շեշտեց Հարիրի:

Նշենք, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ, նախքան կառավարութեան նիստին սկսիլը, շեշտեց, որ դպրոցները իրենց դռները պիտի վերաբանան երկուշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2017-ին:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ վարչապետարանէն յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին խորհրդարանը նիստի կրնայ հրաւիրուիլ:

Գործադուլը Շարունակուեցաւ Նաեւ Երէկ,
Սակայն Կառավարութեան Նիստէն Ետք Չեղեալ
Նկատուեցաւ 

Սենտիքայական համագործակցութեան խորհուրդին, Լիբանանեան պետական վարժարաններու երկրորդականի ուսուցիչներու լիկային եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կողմէ գործադուլը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ:

Լիբանանեան պետական վարժարաններու երկրորդականի ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Նազիհ Ժըպպաուի յայտնեց, որ իրենք գործադուլը կը շարունակեն` մերժելով աշխատավարձի յաւելումները միայն մէկ ամսուան (այս ամսուան) ընթացքին վճարելու ժամանակաւոր դրութիւնը:

Իր կարգին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը սկսած է քննարկել սեփական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները սրբագրելու կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք պէտք եղած բոլոր ուսումնասիրութիւնները կատարած են եւ պատրաստ են այդ մասին խորհրդակցելու:

Սակայն կառավարութեան նիստէն ետք Սենտիքայական համագործակցութեան խորհուրդը չեղեալ նկատեց յայտարարուած գործադուլը` կոչ ուղղելով բոլորին երկուշաբթի, 2 հոկտեմբերին վերադառնալու իրենց աշխատանքներուն:

Ան մաղթեց, որ իշխանութիւնները դարձեալ չեն ստիպեր անոնց փողոց վերադառնալու եւ գործադուլ յայտարարելու:

Իր կարգին Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը յայտարարեց, որ չեղեալ կը նկատէ գործադուլը` աւելցնելով, որ աշխատավարձի յաւելումները վճարելու կառավարութեան որոշումէն ետք այդ գործադուլը չեղեալ կը նկատուի:

Համադաշնակցութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ սակայն, որ համադաշնակցութիւնը պիտի հետեւի կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքներուն, որպէսզի սահմանափակ նիւթական եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր չպարտադրուին:

Լիբանանեան պետական վարժարաններու երկրորդականի ուսուցիչներու լիկան իր կարգին բեկանեց գործադուլի որոշումը` բարձր գնահատելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ջանքերը` իրենց իրաւունքը յարգելու եւ սահմանադրութիւնը լաւապէս գործադրելու:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Մենք Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ Ահաբեկչութեան Եւ Անոր Քնացած Բջիջներուն Դէմ»

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Հետաքննութիւն Սկսած Է Արցախ Այցելած Թուրք Մտաւորականներու Դէմ. Անոնց Նկատմամբ Միջազգային Հետախուզում Յայտարարուած Է

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.