Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ամերիկեան ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան փոխպետ զօր. Չարլզ Պրաունը` ընկերակցութեամբ ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականներու պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչութեան եւ անոր քնացած բջիջներուն դէմ` իր բարձունքները ՏԱՀԵՇ-ի վտանգէն ազատագրելէ ետք:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը փաստած է, որ բարձրորակ ճակատամարտ կրնայ մղել ահաբեկչութեան դէմ` նկատի ունենալով իր արձանագրած նուաճումը «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին:
Նախագահ Աուն ողջունեց նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան սպառազինումն ու ռազմական վարժութիւնները` նկատել տալով, որ երկրին մէջ շնորհիւ ապահովական կառոյցներուն հաստատուած ապահովական կայունութիւնը կը կատարելագործուի սահմանադրական հաստատութիւններուն ճիգերով:
Նախագահ Աուն զօր. Պրաունի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով իսրայէլեան ուժերուն կողմէ միշտ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ Ապահովական խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ արձանագրուած ոտնձգութիւնները:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ կը գնահատէ հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ խաղաղութեան հսկող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը: Ան մաղթեց, որ Միացեալ Նահանգներ շարունակեն օժանդակել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, որոնք բանակին հետ գործակցաբար իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն:
Նախագահ Աուն զօր. Պրաունին յայտնեց նաեւ, թէ ամերիկեան վարչակազմը հասկացողութիւն ցուցաբերած է գաղթականներն ու տեղահանուածները բնակեցնելու գաղափարին դէմ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքին:
Զօր. Պրաուն շնորհաւորեց նախագահ Աունը լիբանանեան բանակին արձանագրած նուաճումին առիթով: Ան դրուատեց նախագահ Աունի կողմէ Լիբանանի բարձունքներու ազատագրման գործողութեան ուղղակի հետեւելու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց այդ ճակատամարտին ընթացքին զոհուած եւ անկէ առաջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած եւ ապա սպաննուած բանակայիններուն նահատակութեան առիթով:
Զօր. Պրաուն շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւն տրամադրել, որպէսզի լիբանանեան զինեալ ուժերը կարենան իրենց դերակատարութիւնը ամրապնդել` պետութեան գերիշխանութիւնը հզօրացնելու եւ երկրին անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով:
Զօր. Պրաուն ընդգծեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին հարաւային Լիբանանի անվտանգութեան հսկող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու դերակատարութեան: Ան աւելցուց, որ հարաւի մէջ լիբանանեան բանակի յաւելեալ վաշտերու տեղակայումը իր ներդրումը կ՛ունենայ շրջանին ապահովական կայունութեան ամրապնդումին մէջ:


