Լիբանանեան բանակը կը շարունակէ Արսալի բարձունքները վնասազերծել ականներէ:
Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի շեշտեց, որ արսալցիները կը հետեւին բանակին ցուցմունքներուն եւ զանոնք ուշադիր կերպով կը գործադրեն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ականներու գոյութեան:
Այս շրջագիծին մէջ «Մուսթաքպալ» օրաթերթը կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակի սակրաւորները Արսալը բաժնած են տարբեր մասերու եւ զանոնք լաւապէս կը ստուգեն` վնասազերծելու համար բոլոր ականները:


