Լիբանանեան

Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Լիբանանցիներուն  Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ.  «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու  Մեր Օրինական Իրաւունքը»  Կ՛ըսէ Հըզպալլա

Հըզպալլա. «Տարաայի Մէջ Ձերբակալուած Ենթադրեալ Բջիջին Հետ Որեւէ Կապ Չունինք»

Հըզպալլայի հանրային կապերու գրասենեակը «կտրուկ կերպով» հերքեց «Հըզպալլայի` Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ յայտարարուած Տարաայի Եարմուքի աւազանի շրջանին մէջ ձերբակալուած ենթադրեալ բջիջին հետ որեւէ յարաբերութիւն կամ կապ ունենալը»: Կուսակցութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ վերստին շեշտեց. «Կուսակցութիւնը սուրիական հողերուն վրայ որեւէ ներկայութիւն չունի, եւ այդտեղ որեւէ ապահովական կամ զինուորական գործունէութեան հետ կապ չունի»` ընդգծելով «Սուրիոյ անվտանգութեան, կայունութեան ու անոր ժողովուրդի ապահովութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ ժողով մը` քննարկելու 2027 թուականի պետական ամավարկի նախագիծն ու շարք մը այլ հարցեր: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակ. «Կոլանի զօրամասէն ուժեր Հարաւային Լիբանանի մէջ 7-ամսեայ գործողութիւններէն ետք կը հեռանան»: . «ԼԸ ՄՈՆՏ» օրաթերթ. «Ֆրանսայի մէջ դատական հայց մը իսրայէլեան բանակը կը մեղադրէ հարաւային Լիբանանի մէջ շրջակայ միջավայրի քանդման յանցանքով»: ....

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

Շրջանին մէջ շարունակուող Իրան-Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ եռակողմանի հակամարտութեան լոյսին տակ ժողովրդային թէ հանրային պատկան շրջանակներու հայեացքները կեդրոնացած են շրջանային այս հակամարտութենէն ազդուող երկիրներու կրած վնասներուն վրայ: Նշեալ երկիրներու առաջին կարգին վրայ կու գայ Լիբանանը, որ նոյնպէս Իրանի դրած նախապայմաններու առաջին կէտն է: Փաստօրէն, այն միջոցին, երբ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կացութիւնը գերզգայուն կշիռքի վրայ դրուած է` դիւանագիտական եզրայանգումի եւ զինուորական...

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

Բրիտանական դեսպանատան գործավար Վիքթորիա  Տեն վերջերս պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելած է հարաւային Լիբանան` մօտէն տեղեկանալու տեղացի բնակչութեան վրայ հակամարտութեան ազդեցութեան մասին: Սայտայի մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է հարաւային Լիբանանի նահանգապետ եւ Նապաթիէի նահանգապետի տեղակալ Մանսուր Տաուի հետ: Խօսակցութիւնները կեդրոնացած են շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ բնակչութեան գոյատեւման տարրական կարիքներու ամրագրման քայլերուն վրայ: Այս առիթով պատուիրակութիւնը լսած է լիբանանեան ընկերային հարցերու նախարարութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԱԳԱՀ ժոզեֆ Աուն նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որ եկած էր հրաժեշտ տալու, իր պաշտօնավարութեան աւարտին բերումով: Այս առիթով արծարծուեցան Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային եւ լիբանանեան նորագոյն իրադարձութիւններն ու այս գծով Եգիպտոսի խաղաղարար միջնորդութեան քայլերը: Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց քաղաքացիական օդանաւորդութեան խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ազիզը: Խօսակցութիւնները կեդրոնացան նշեալ  խորհուրդի գործունէութեան ու անոր...

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

«Անկախներ Լիբանանի համար» հանդիպումին հրաւէրով շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2026-ին Պէյրութի «Լը Կրէյ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ «Քրիստոնեայ համագումար Հարաւի զօրակցութեան համար» խորագրեալ  յատուկ համագումար մը` մասնակցութեամբ լիբանանեան զանազան խմբաւորումներու եւ  կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, հոգեւորականներու, լրագրողներու, մշակութասէր ու քաղաքական դէմքերու: «Բոլորս հայրենիքին, բոլորս Հարաւի համար» նշանախօսքով սկսած այս համագումարին ընդառաջելով իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը...

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

«Հպարտ ենք Պետական անվտանգութեան կառոյցով, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր երկրի կայունութեան եւ հանրային գանձարկղի պահպանման ու պաշտպանութեան հիմնական յենակէտ եղած է», յայտարարեց նախագահ Ժոզեֆ Աուն անցնող շաբաթավերջին Պետական անվտանգութեան կառոյցի հիմնադրութեան 41-ամեակին առիթով  իր ունեցած ելոյթին մէջ: Նախագահը յայտնեց, որ այս կառոյցը, հակառակ անոր դէմ լուսանցքայնացման ու նսեմացման  փորձերուն, յաջողեցաւ վերագտնել ինքզինք ու դարձաւ երկրի փտածութեան դէմ պայքարող ամրակուռ...

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

Անցնող շաբաթավերջին Հըզպալլայի նախկին ղեկավարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան Բ. տարելիցին առիթով,  Հըզպալլա կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը` ոգեկոչելու համար անոնց յիշատակը: Ձեռնարկին ներկայ էին Դիմադրութեան պատասխանատուներ, պետական, քաղաքական ու հոգեւոր անձնաւորութիւններ, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ ու համակիրներու հոծ բազմութիւն մը: Այս առիթով ելոյթ ունեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ, երեսփոխան Ալի Ֆայյատ եւ այլ պատասխանատու...

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ իր ունեցած քուլիսային հանդիպումներուն ծիրին մէջ տեսակցեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար, իշխան Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Պըն Ապտալլայի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ Պըն Ֆարհանի լիբանանեան հարցերու խորհրդական` իշխան Եազիտ Պըն Մոհամետ Պըն Ֆահտ Պըն Ֆարհանի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկկողմանի յարաբերութեանց վերաշխուժացումն ու տնտեսական ու առեւտրական...

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

«Հակառակ բոլոր յարձակումներուն եւ ահաբեկչութիւններուն, Հըզպալլա տակաւին կը շարունակէ իր երթը, իր առաջնորդին` շէյխ Նայիմ Քասեմի ղեկավարութեամբ», յայտարարեց Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Ֆայյատ: Սայտայի «Մաարուֆ Սաատ» մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ շաբաթ օր սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի սպանութեան երկրորդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին Ֆայատ վերահաստատեց Հըզպալլայի վայելած ժողովրդականութեան տարողութիւնը իր համակիրներուն թէ անդամներուն մօտ` շեշտելով,...

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

«Երկրին վիճակը օր ըստ օրէ կը վատթարանայ, Լիբանան ենթակայ է Ատլանտեան եւ սիոնական ահաբեկչական պատերազմին», յայտարարեց Ժաաֆարական միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան` քննադատելով երկրի վարիչներուն կեցուածքը շրջանի անցուդարձերուն գծով: «Տեսէք ձեր երկիրը ինչպիսի կացութեան յանգած է, օր ըստ օրէ կացութիւնը կը վատթարանայ, եւ երկիրը կը գտնուի ընկերային, տնտեսական, ազգային, բարոյական ու արհեստագիտական ոլորտներու յոռեգոյն յատակին», յայտարարեց միւֆթի Քապալան: Ան երկրի բոլոր...

Ֆատլալլա. «Մեր Հիմնական Պայքարը Մեր Հողերու Ազատագրումն Է»

Ֆատլալլա. «Մեր Հիմնական Պայքարը Մեր Հողերու Ազատագրումն Է»

«Մեր հիմնական պայքարը մեր հողերու ազատագրման ձեւն ու մեր ժողովուրդի հոգածութեան միջոցներն են», ընդգծեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա: Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հայ Մատի շրջանին մէջ կայացած Հըզպալլայի մէկ ձեռնարկին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆատլալլա անդրադարձաւ շրջանի նորագոյն իրադարձութիւններուն եւ անոնց Լիբանանի, յատկապէս` հարաւային տարածքներուն վրայ ունեցած հետեւանքներուն: «Մենք պատերազմի սիրահարներ չենք, սակայն դէմ չենք թշնամիին հետ ...

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի քուլիսային հանդիպումներուն ծիրին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Փաքիստանի իր պաշտօնակիցին`  Մոհամետ Շահպազ Շերիֆի հետ: Խօսակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանին մէջ շարունակուող իրանեւամերիկեան հակամարտութիւնն ու իսրայէլեան յարձակումները Լիբանանի, յատկապէս` հարաւային շրջաններուն ուղղութեամբ: Այս առիթով վարչապետ  Սալամ անհրաժեշտ նկատեց Իսրայէլի դէմ ճնշումներու բանեցման շարունակութիւնը` ապահովելու համար անոր ուժերուն հեռացումը լիբանանեան գրաւեալ տարածքներէն: Սալամ-Մատպուլի Հանդիպում Վարչապետ Նաուաֆ...

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

«Ոչ ոք կրնայ խօսիլ կամ բանակցիլ Լիբանանի անունով, բացի իր կառավարութենէն եւ անոր սահմանադրական կառոյցներէն», յայտարարեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ ՄԱԿ-ի հարթակէն արտասանած իր խօսքին մէջ: ՄԱԿ-ի 81-րդ Ընդհանուր ժողովին Լիբանանի խօսքը արտասանելով վարչապետ Սալամ հիմնական երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր կեցուածքը: Արդարեւ, Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման, իսրայէլեան ուժերու հեռացման, տեղահանուածներու տունդարձին եւ վերակառուցման կողքին Սալամ ընդգծեց ՄԱԿ- ի կողմէ տրուած...

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

«Ո՛վ կամաւորներ, դուք չէք գիտեր, թէ վիրաւորը ի՛նչ  կը զգայ, երբ դուք կը հասնիք իր մօտ», յայտարարեց նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի 12-րդ համագումարին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ: Նախագահ Աուն խիստ բարձր գնահատեց այս զոյգ կամաւորական կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը: Աուն նշեց, որ այդ տղաքը շուտափոյթ եւ անշահախնդիր արկածախնդրութեամբ օգնութեան հասան...

Ռաժժի. «Որոշումը Պատմական, Վճռական Ու Վերջնական Էր, Եւ Անկէ Ետդարձ Չկայ»

Ռաժժի. «Մենք Մեր Ձեռքերը Կ՛երկարենք Որեւէ Կողմի»

«Մենք մեր կեցուածքը արտայայտեցինք մեկնելով մեր քաղաքական կեցուածքէն», յայտարարեց  արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի, նախանցեալ օր վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի միջեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի ներկայութեան կայացած հանդիպումէն ետք: Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` նախարար Ռաժժի երկխօսութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց առնչակից բոլոր կողմերուն հետ` նշելով, որ ոչ մէկ արգելք կայ ձեռք երկարելու որեւէ կողմի:  «Մենք մեր ձեռքերը...

Հաժ Հասան. «Կը Դիմակալենք Շրջանին Մէջ  Արձանագրուող Հսկայական Փոփոխութիւնները»

Հաժ Հասան. «Կը Դիմակալենք Շրջանին Մէջ Արձանագրուող Հսկայական Փոփոխութիւնները»

«Շրջանին մէջ կը կատարուին հսկայական փոփոխութիւններ, եւ մենք կը դիմակալենք շրջանին մէջ ամերիկեան գերակայութիւնը», յայտարարեց Պաալպեք-Հերմել շրջանի խորհրդարանական պլոքի նախագահ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան: Ան վերահաստատեց Հըզպալլայի կեցուածքը` տէր կանգնելու հարաւային Լիբանանի հայրենակիցներուն եւ հոգալու անոնց կարիքները, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու անոնց ապահով տունդարձը: Հաժ Հասան քննադատեց այն կողմերը, որոնք իրենց յոյսը դրած են ամերիկեան օժանդակութեան վրայ`...

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը  Առանցքը Կազմեցին  Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ զանազան շրջաններու պատասխանատուներու  հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին առանցքային կարեւորութեամբ պարզուեցան երկրի ընկերային եւ տնտեսական հրատապ հարցերը: Այս ծիրին մէջ Ընկերային, տնտեսական ու կենսոլորտի խորհուրդի նախագահ դոկտ. Շարլ Արպիտ ահազանգ հնչեցուց Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային ու ապրուստի մտահոգիչ կացութեան գծով: Նախագահ Աունին ներկայացուցած իր յուշագիրին մէջ Արպիտ` պարզելով  տիրող իրավիճակի հրատապ...

ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ  Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Տարբեր Ղեկավարներու Հետ

ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Տարբեր Ղեկավարներու Հետ

ՄԱԿ-ի ժողովին իր մասնակցութեան զուգահեռ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Խօսակցութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացան շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ անդորրութեան ու կայունութեան ամրապնդման քայլերուն եւ Լիբանանի հետ յարաբերութեանց աշխուժացման ճիգերուն վրայ: Նմանապէս, վարչապետը ընդգծեց հարաւային գրաւեալ շրջաններու վերակառուցման եւ իսրայէլեան ուժերու հեռացման հրամայականն ու տեղահանուածներու ապահով տունդարձի անհրաժեշտութիւնը: Արդարեւ, անցնող երկու օրերուն իր տեսակցութեանց անդրադառնալով`...

Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ  Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»

Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»

«Ի վերջոյ թշնամի իսրայէլեան ուժերը պիտի հեռանան մեր հողերէն` շնորհիւ մեր բնակչութեան գոյատեւման եւ դիմադրելու կամքին, զուգահեռաբար Իրանի իսլամական հանրապետութեան  սահմանագծած շրջանային եզրաբանութեան», յայտարարեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ Դիմադրութեան նահատակներու երկամեայ տարելիցին առիթով կազմակերպուած յարգանքի յուշ երեկոյին, Սեն Թերեզի իմամ Մուժթապայի անուան համալիրին մէջ: Ֆատլալլա շեշտեց, որ աւերուած շրջանները պիտի վերակառուցուին, տեղահանուածները պիտի վերադառնան:  «Երբ Լիբանանի...

Page 6 of 985 1 … 5 6 7 … 985

Արխիւներ