Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 11, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի հաղորդակցութիւն հաստատեց ազդեցիկ երեսփոխաններու հետ` խորհրդարանի հինգշաբթի օրուան նիստի կշռոյթը վերահսկելու եւ կանխարգիլելու, որ քաղաքական վէճերը, եթէ տեղի ունենան, խափանեն կամ խոչընդոտեն անյետաձգելի թղթածրարներու որդեգրումը»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Այն Թինէ հասնող Իրան-Քաթար հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ տեղեկութեան վրայ` մեկնելով այն գնահատականներէն, որ յաջորդ փուլը կրնայ նոր քննութիւն ըլլալ ներքին հաւասարակշռութիւնները կառավարելու հարցին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դիրքորոշման համար, եթէ լիբանանեան թղթածրարը ներառուի որեւէ շրջանային բանակցութեան մէջ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Լիբանան Իրանէն իմացաւ, թէ ան Հըզպալլայէն պիտի չպահանջէ որեւէ յառաջիկայ պատերազմի մասնակցիլ: Այս պատգամի կարեւորութիւնը այն է, որ անիկա կը յղուի փուլի մը մէջ, երբ Պէյրութ կը փորձէ երկիրը իր սահմաններէն ու ուղղակի շահերէն դուրս եղող ճակատումի մը ներքաշումը մերժող իր դիրքորոշումը ամրապնդել»:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Ամերիկեան քաղաքականութեան մասնագէտներ չեն բացառեր, որ Թրամփ արտաքին արկածախնդրութեան մը կամ մէկէ աւելի արկածախնդրութեան մը դիմէ` անցեալ երեքշաբթի օր կայացած ընտրութիւններուն մէջ իր ստացած ծանր պարտութենէն ետք Քոնկրեսի ազդեցութիւնը սահմանափակելու համար»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ռմբակոծման, ականահարման եւ իսրայէլեան ցամաքային շարժումներու ապահովական նոր դասաւորումներու մասին խօսակցութեան հետ միաժամանակ շարունակուիլը քաղաքական ուղիին զուգահեռ մարտական ճնշումը կանգուն պահելու փորձի մը գոյութիւնը ցոյց կու տայ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Ստացուած տեղեկութիւնները կ՛ենթադրեն, որ հրադադարի (1949 թուականի) դէտերը հետեւին հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական խախտումներուն`  անոնց թիւին մեծնալէն ետք (այդ թիւը ներկայիս 45 է): Զուգահեռաբար, պիտի որոնուին ՖԻՆԻՒԼ-ի շրջագիծէն դուրս միջազգային դիտորդական ուժեր, որոնց թիւը պիտի չգերազանցէ 100-ը, եւ որոնք պիտի ստանձնեն միջազգային ուժերուն տրուած առաջադրանքները այս տարուան վերջաւորութեան ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն եւ անոր հեռացման մեկնարկէն ետք»:

. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Լիուա» օրաթերթին. «Լիբանանի նախագահութեան ու Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան փորձի վերաբերեալ ոչինչ վճռուած է, նոյնիսկ եթէ դրական ազդանշաններ ուղարկուած են:

«Այս հարցին մէջ փակուղիէն դուրս գալու, մասնաւորաբար երկու կողմերուն միջեւ հաղորդակցութեան վերաբերեալ ջանքերը կարելի չէ անտեսել, միեւնոյն ժամանակ ընդունելով, որ Հըզպալլան տակաւին անկարող է կառավարութեան որոշումը հանդուրժել»:

. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, Հըզպալլան Պաապտայի պալատին հետ երկխօսութեան վերադառնալու համար կը պահանջէ երեք բան` չեղեալ նկատել 5 եւ 7 օգոստոսի որոշումները, չեղեալ նկատել 5 սեպտեմբերի որոշումները եւ ետդարձ կատարել Հըզպալլայի աշխատանքը քաղաքական ծիրով սահմանափակելու որոշումէն, որ որդեգրուած էր 2 մարտ 2026-ին:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Մեծ ճնշումներ կը բանեցուին լիբանանեան բանակի հրամանատարը պաշտօնազրկելու` այն պնդումով, որ ան իրեն վստահուած աշխատանքը չի կատարեր, ուստի անոր արտասանած խօսքին ուղղուած քննադատութիւնները եւ զինք հեռացնելու ճնշումը կը համընկնին»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Փարիզ միջին դիրք կը գրաւէ` մէկ կողմէ հաւանութիւն տալով Լիբանանի առաջարկին, որ Իսրայէլ պէտք է դէպի զինադադարի ծրագիր նահանջէ, իսկ միւս կողմէ` ընդունելով «մոխրագոյն գօտիի» մօտեցում` առաջարկելով կեանքի կոչել եւ ընդլայնել զինադադարը վերահսկելու համար ՄԱԿ-ի «Լիբանանի մէջ դիտորդական խումբ»-ի լիազօրութիւնները»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան-Քաթար բանակցութիւնները լրջօրէն կը յառաջանան դէպի թեքնիք ու ֆինանսական մանրամասնութիւններու ամբողջացում` առ ի պատրաստութիւն բիւրեղացնելու համաձայնութիւն մը, որ քաթարեան ղեկավարութեան քաղաքական ուղղակի աջակցութիւնը կը ստանայ եւ հիմը կը դնէ երկու պետութիւններուն միջեւ ներդրումներու ամէնէն շատ կարիքը ունեցող լիբանանեան ոլորտներէն մէկուն մէջ գործակցութեան»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Հակառակ Լիբանան-Քաթար ոգեւորութեան եւ ելեկտրականութեան թղթածրարի բանակցութիւններու արագ կշռոյթին, «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի ստացած տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ համաձայնութիւնը յուսացուածին չափ արագ պիտի չըլլայ»:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ահմետ Ռամի Հաժին այցելած Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը անոր ըսաւ. «Քու պարտականութիւնդ օրէնքի կիրարկումն է եւ ոչ թէ կառավարութեան որոշումներու կիրարկումը, որովհետեւ Դիմադրութեան ու անոր զէնքին վերաբերեալ կառավարութեան որոշումները սահմանադրութեան խախտում են»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Քաթարի վարչապետին Լիբանան վերջին այցելութեան ընթացքին անոր եւ Մուսթաքպալ հոսանքի փոխնախագահ Պահիա Հարիրիի միջեւ Պէյթ Ուասաթի մէջ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սաատ Հարիրիի խնդրանքով: Ան նոյն բանը նաեւ խնդրեց Պիլալ Էրտողանէն, որ մօտ օրէն Լիբանան պիտի այցելէ»:

. ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ամեր Պսաթ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, թէ եկամուտը կը նահանջէ, իսկ ապրուստի ծախսը շուրջ 40 առ հարիւրով բարձրացած է շարք մը ազդակներու պատճառով, որոնցմէ են դրամատնային ոլորտին ստացած ցնցումը, արտերկրի լիբանանցիներու փոխանցումներուն շուրջ 15 առ հարիւրով նուազումն ու արտաքին օժանդակութիւններու նահանջը: Ան նշեց, որ գոյութիւն ունեցող թիւերը գիտական չեն, եւ նախարարութիւնը կը պատրաստէ վիճակագրութիւն մը, սակայն լիբանանցիներուն շուրջ 30 առ հարիւրը աղքատութեան նշաձողէն վար է, իսկ 20 առ հարիւրին վիճակը խոցելի է:

Նախորդը

«Ֆիֆփրօ 11». Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.