. ԿԻՐԱԿԻ օր ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, դատական համապատասխան մարմիններու ցուցմունքին հիման վրայ, հրապարակեց լուսանկարը Ռոշել Սարգիս Տէմիրճեանի, որ 28 հոկտեմբերէն սկսեալ անհետ կորսուած կը նկատուի: Ներքին ապահովութեան ուժերը խնդրեցին բոլոր անոնցմէ, որոնք տեղեկութիւն ունին Տէմիրճեանի (2008-ի ծնունդ) կամ անոր գտնուած վայրին մասին կապուելու Սին Էլ Ֆիլի ոստիկանատան` հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին` 01/511989:
. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց հինգշաբթի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին լիագումար նիստի:
. ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը ուժանիւթի վերաբերեալ քաթարեան առաջարկին շուրջ Լիբանան-Քաթար բանակցութիւններու 5-րդ փուլի մեկնարկը յայտարարեց:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Փուլը «խիստ զգայուն» է: Լիբանան կը բախի երկու փոխկապակցուած մարտահրաւէրներու. առաջինը կը վերաբերի հարաւային սահմանի անվտանգութեան կացութեան ապագային, իսկ երկրորդը` ազգային որոշումներու կայացման ապագային եւ գերիշխան հարցերու կառավարման գործին մէջ պետութեան դերին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Ամերիկեան Քոնկրեսի նորընտիր անդամներու իրենց պաշտօնի ստանձնման եւ Իսրայէլի կառավարութեան ձեւաւորման միջեւ ինկած ժամանակահատուածը պիտի ըլլայ անցումային փուլ մը Լիբանանին համար, որ շրջագծային համաձայնագիրին վրայ այդ զարգացումներուն ազդեցութիւնը գիտնալուն կը սպասէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Ամերիկեան քաղաքական փոփոխութիւնները կրնան դրդել դիւանագիտական ուղիին առաջնահերթութիւն տալու, յատկապէս հաշուի առնելով նոր պատերազմներու մէջ ներգրաւուելու դէմ ամերիկեան ընդհանուր տրամադրութիւնը եւ այն հաշուարկները, որոնք ատիկա կրնան Թրամփին պարտադրել»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Վերջերս Լիբանան այցելած շարք մը օտարերկրեայ պատուիրակներ շրջանին մէջ պատերազմի հաւանականութեան նուազեցման եւ երկխօսութեան մթնոլորտի յառաջընթացի մասին խօսած են»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանը կանգնած է ճակատագրական փուլի առջեւ, որ կը ստիպէ վերատեսութեան ենթարկել անկախ պետութեան հայեցակարգը եւ մերժել իր ազգային որոշումին որեւէ գործընկերութիւն կամ հոգատարութիւն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանի նկատմամբ իսրայէլեան մօտեցման մէջ յառաջընթաց կամ փոփոխութիւն ցոյց տուող որեւէ ցուցանիշ գոյութիւն չունի»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Այզենքոթի իշխանութեան հասնիլը կրնայ ամերիկեան պահանջներուն ու առաջարկներուն նկատմամբ Պենիամին Նեթանիահուի ժամանակաշրջանէն աւելի դրական տրամադրուած իսրայէլեան մօտեցումի մը դուռը բանալ, ինչ որ կրնայ բանակցային հոլովոյթին վրայ ազդել»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Մինչեւ այս պահս չկայ ամերիկեան կանաչ լոյս մը, որ Նեթանիահուին կ՛արտօնէ Հըզպալլայի դէմ նոր պատերազմ շղթայազերծել, ինչ որ նոր պատերազմի մը նկատմամբ մտավախութիւնը կախեալ կը դարձնէ Ամերիկայի որոշումէն` Իրանի դէմ շղթայազերծելու նոր պատերազմ մը, որ կրնայ ընդլայնուիլ ու ներառել ամբողջ շրջանը, ներառեալ Լիբանանը»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Գոյութիւն ունին ֆրանսական ջանքեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու նախագիծ մը, որ կը վերաբերի զինադադարի համաձայնութեան մը եւ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային հսկողութեան խումբի դերի ընդլայնման»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «հանրապետութեան նախագահը խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ վարչապետ Սալամի հետ համաձայնեցուած վերջնական որոշում տուաւ Տահր Պայտարի թղթածրարը Արդարադատութեան խորհուրդին չփոխանցելու եւ կառչելու զինուորական դատարանի ուղիին: Այս որոշումէն ետդարձ չկայ, ինչ որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անխուսափելիօրէն կը ստիպէ վերատեսութեան ենթարկել իր որոշումը»:. -«ՄՈՒՏՈՒՆ». «Ամալ շարժումը նախաձեռնեց իր տարբեր կեդրոնական գրասենեակները ներառող կազմակերպական շարք մը աշխատանքներու, որոնց նպատակը ներքին արդիւնաւէտութեան արժեւորումն ու քաղաքական, ընկերային ու կազմակերպական մարտահրաւէրներուն համահունչ քայլերու որդեգրումն է»:


