Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիք Տիւրել յայտնեց, որ մագլցումէն խուսափելու համար միջազգային ջանքերը կը շարունակուին` նշելով, որ շահագրգիռ կողմերուն հետ հաղորդակցութիւնները եւ Լիբանանի կայունութիւնը ամրապնդելու աշխատանքը կը շարունակուին:

Դեսպանը Պքերքէի մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումէն ետք բարձր գնահատեց Լիբանանի մշակութային եւ կրթական իւրայատկութիւնը` նշելով, որ անիկա շրջանին մէջ իւրայատուկ բնորդ մըն է` շնորհիւ իր բաց քաղաքակրթութեան, բազմազանութեան եւ կրթութեան մակարդակին, մասնաւորաբար ֆրանսերէնի տարածումին եւ եկեղեցիին իր դպրոցներուն, համալսարաններուն ու ընկերային հաստատութիւններուն ճամբով կատարած դերին:

Տիւրել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան պահպանումը Ֆրանսայի առաջնահերթութիւններէն է` բարձր գնահատելով եկեղեցւոյ հոգեւոր, կրթական ու ընկերային կեանքին մէջ ունեցած դերակատարութիւնը եւ քաղաքներու ու գիւղերու մէջ ուժեղ ու միասնական քաղաքացիական հասարակութեան հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Ֆրանսայի դեսպանը շեշտեց, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է շրջանին մէջ կրօնական ու մշակութային բազմազանութեան պահպանումով եւ կը զօրակցի այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կայունութիւնն ու համակեցութիւնը կ՛ամրապնդեն:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Տիւրելի հետ իր հանդիպումի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց շրջանին մէջ զինուորական բախումներու ընդլայնման հաւանականութեան եւ Լիբանանի վրայ անոնց հետեւանքներուն նկատմամբ` շեշտելով, որ պատերազմները միայն յաւելեալ կորուստներու կը յանգեցնեն, եւ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը տագնապներու կարգաւորման լաւագոյն ուղիները կը մնան:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արտագաղթին, ապրուստի պայմաններուն ու հողի պահպանման հարցին: Ռայի պատրիարքը շեշտեց լիբանանցիներուն իրենց հողին կառչելու, ընկերային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ արտերկրի լիբանանցիները իրենց հայրենիքին մէջ ներդրում կատարել քաջալերելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հարաւային Լիբանանի կացութեան, ՖԻՆԻՒԼ-ի ապագային եւ Ֆրանսայի շահագրգիռ պետութիւններուն ու հնգեակ յանձնախումբին հետ համակարգուած ձեւով անվտանգութեան պահպանման եւ ապահովական որեւէ բացի ստեղծումէն խուսափելու համար թափած ջանքերուն, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ լիբանանեան պետութեան հաստատութիւնները ամրապնդելու, օրէնքը յարգելու, խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումը սահմանադրական իշխանութիւններու մենաշնորհը դարձնելու եւ վիճելի հարցերու կարգաւորման համար ազգային երկխօսութիւնը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կը պահպանէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, միութիւնն ու կայունութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու մէջ քրիստոնեաներու կացութեան: Մարոնիներու պատրիարքը այս առումով իր մտահոգութիւնը յայտնեց արտագաղթի շարունակման եւ քրիստոնէական ներկայութեան նահանջին նկատմամբ` շեշտելով անհրաժեշտութիւնը տրամադրելու երաշխիքներ, որոնք կ՛ապահովեն բոլոր քաղաքացիներուն ազատ, արժանապատիւ եւ իրարու հաւասար կեանքի իրաւունքը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի ներքին կացութեան: Ռայի պատրիարքը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ֆրանսացի ժողովուրդին, իսկ դեսպան Տիւրել յայտնեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները կը շարունակեն ընկերային մարտահրաւէրները կարգաւորելու եւ կայունութիւնը պահպանելու իրենց ջանքերը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 9, 2026
Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.