Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ նախարարական հերթական ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Ներկայ փուլին առաջնահերթութիւնը Լիբանանը պաշտպանելը, անոր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելն եւ զայն որեւէ նոր պատերազմի մէջ ներքաշելէ խուսափիլն է»:
Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը ապահովական ու ապրուստի թղթածրարներ քննարկուեցան:
Ժողովին մասնակիցները անդրադարձան Պէյրութի եւ Մեծն Պէյրութի մէջ ապահովութեան ամրապնդման համար որդեգրուած վերջին քայլերուն, մասնաւորաբար պարեկութեան ու ապահովական տեղակայման աշխուժացումը:
Սալամ շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է, որ այդ քայլերը մնայուն ըլլան, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ քաղաքացիներու եւ անոնց սեփականութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ ապահովութեան եւ հանգստութեան իրենց զգացումը:
Ինչ կը վերաբերի սննդեղէնի անվտանգութեան, ժողովականները անդրադարձ կատարեցին վերջին ապահովական արտակարգ ժողովէն ետք որդեգրուած քայլերուն` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է շահագրգիռ նախարարութիւններու եւ ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ Սննդեղէնի անվտանգութեան լիբանանեան մարմինին հետ համակարգուած կերպով աշխուժացնել պարեկութիւնը, խուզարկումները, սննդեղէնի հաստատութիւններուն, ճաշարաններուն, պահեստանոցներուն եւ սննդեղէնի ցրուումի կեդրոններուն հսկողութիւնը:
Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ օդակայանի մերձակայքին մէջ թռիչքներու անվտանգութեան պահպանման համար որդեգրուած քայլերուն:


