Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահին յանձնեցինք միջազգային ուժերուն վերաբերեալ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան առաջարկը` փափաք յայտնելով պետութիւններու հետ խորհրդակցութիւններ կատարելու, որպէսզի Լիբանանը դուրս բերենք սպասողական վիճակէն»:
«Կը խօսինք իրենց ներկայութեամբ հաւասարակշռուած միջազգային ուժերու մասին, որովհետեւ կազմուած պէտք է ըլլան Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ պետութիւններէն, ինչ որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հաւասարակշռութիւն կ՛ապահովէ», ըսաւ Պասիլ:
«Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան որդեգրումը ներքին հոլովոյթ է», նշեց երեսփոխանը:
«Առաջարկը կը խօսի զինադադարի հաստատման փափաքի մասին, ապա տեւական հանդարտութեան հաստատման, հասնելով համապարփակ ու արդար խաղաղութեան: Սակայն անիկա իր պայմանները ունի, ուստի առաջարկը խաղաղութեան մեր փափաքը կը հաստատէ, սակայն առանց իսրայէլեան բռնագրաւումը յարաբերութիւններու բնականոնացման պարտադրման համար օգտագործելու», ըսաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
«Պէտք է Լիբանանը զերծ կացուցել առանցքներու հակամարտութենէն ու պատերազմներէն, ուստի պէտք է տրամադրել միջազգային երաշխիքները, որոնք կրնան ընկերակցիլ պաշտպանական համաձայնութիւններու, զորս Լիբանան կը կնքէ իր պաշտպանութիւնը ապահովելու կարող պետութիւններու հետ», նշեց Պասիլ:
Այնուհետեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:


