Եօթներու խմբակի արտաքին գործոց նախարարները Փարիզի մէջ իրենց ժողովի ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացումէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ «ապահովական բացէն խուսափելու անհրաժեշտութեան» շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են, սակայն ՖԻՆԻՒԼ-ը փոխարինելիք ապահովական ձեւաչափի մը ձեւակերպման շուրջ յառաջընթաց չեն արձանագրած:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ երեքշաբթի օր նախարարական ժողովէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մեծ յոյս ունիմ համաձայնութեան հասնելու, որովհետեւ լայն համաձայնութիւն մը գոյութիւն ունի այն նպատակին շուրջ, որ հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացումը, Հըզպալլայի զինաթափումը եւ կառուցումն է զէնքի մենաշնորհը ունեցող հզօր պետութեան մը, որ կարող է Լիբանանի մէջ բոլոր համայնքներէն բոլոր բնակիչներուն անվտանգութիւն ու բարգաւաճում երաշխաւորել»:
Պարրօ ցաւ յայտնեց, որ բանակցութիւնները կ՛ուշանան` հիմնականին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի մէջ ընտրութիւններուն պատճառով, սակայն ըսաւ, թէ «Եօթներու խմբակի այս ժողովը յառաջընթաց արձանագրելու առիթ եղաւ»:
«Գոյութիւն ունի համաձայնութիւն խուսափելու ապահովական բացի ստեղծումէն, երբ կապոյտ սաղաւարտակիրները հեռանան, ինչպէս նաեւ դէպի ապահովական նոր ձեւակերպում արագ յառաջընթաց արձանագրելու անհրաժեշտութեան շուրջ», նշեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:


