Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ նշեց. «Ամերիկեան եւ սիոնական ընտրութիւններու արդիւնքները յուսախաբութեան մատնեցին թշնամիներու ղեկավարութիւնը, եւ բացայայտեցին ամերիկեան ու իսրայէլեան հասարակութիւններուն մէջ տարակարծութեան ու վիհի տարողութիւնը»:

Շէյխ Խաթիպ ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին լիբանանեան իշխանութեան դարձեալ կոչ ուղղեց` «վերատեսութեան ենթարկելու իր դիրքորոշումը եւ որդեգրելու հայրենասիրական հայեցակարգ մը, ինչպէս նաեւ կառուցելու ազգային փոխըմբռնում, որ միատեղ կերպով կը պաշտպանէ պետութիւնն ու Դիմադրութիւնը` ընդդէմ իսրայէլեան ծրագիրին»:

Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահը դատապարտեց Լիբանանի մէջ հինգ դեսպանատուներու (Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Ճափոնի) «Լիբանանի բարեկամներ» անուան տակ հրապարակած հաղորդագրութիւնը եւ զայն նկատեց «լիբանանեան ներքին հարցերուն բացայայտ միջամտութիւն մը»:

Ան այդ պետութիւններուն կոչ ուղղեց` «այդ միջամտութիւնները դադրեցնելու, մանաւանդ որ անոնք կը վերաբերին հարցերու, որոնք լիբանանցիներուն միջեւ տարակարծութեան նիւթ են եւ կրնան յառաջացնել սադրանք, որմէ ժրաջան կերպով կ՛աշխատինք խուսափիլ` քաղաքացիական խաղաղութիւնը պահպանելու համար»:

 

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
Ամմար. «Հըզպալլայի Պապին Ընդունելութեան  Գործուն Մասնակցութիւնն Ու Այցելութեան  Ուղեկցիլը Կ՛արտացոլացնէ Համակեցութեան  Սկզբունքին Մեր Անսասան Համոզումն Ու Նուիրուածութիւնը»
Լիբանանեան

Ամմար. «Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը Գռեհկութեան Ու Անամօթութեան Գագաթնակէտ Է` Հաշուի Առնելով Մեր Գործերուն Միջամտելու Անոնց Աներեսութիւնը»

November 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.