Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Լիբանանի Եւ Ֆրանսայի Միջեւ Մշակութային Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

November 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ֆրանսուազ Նիսենը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները հինէն կու գան եւ ամուր են` աւելցնելով, որ վերջերս Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ համաձայնած է շարք մը հարցերու շուրջ, յատկապէս լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ Ֆրանսայի նախագահին այցելութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ ապրիլին, որպէսզի գոյացած շարք մը համաձայնութիւններ գործադրութեան դրուին:

Իր կարգին, Նիսեն հաստատեց Փարիզի պատրաստակամութիւնը Լիբանանի հետ մշակութային եւ կրթական գործակցութիւնը ամրապնդելու:

Նիսեն ընդգծեց, որ իր այցելութեան պիտի յաջորդեն ֆրանսացի այլ նախարարներու եւ պատասխանատուներու այցելութիւններ, որոնք կը միտին բոլոր բնագաւառներուն մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդել:

Նիսեն ընդգծեց նաեւ, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանը կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան կեդրոնի մը վերածելու նախագահ Աունի պահանջին:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց Սահմանադրական խորհուրդին վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Սելիմ Աուն եւ Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպան Ռամի Մուրթատա:

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ ստորագրեց խորհրդարանին վաւերացուցած 2017-ի պետական ամավարկը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. «Նախագահ Աունի Օրով Լիբանան Ամէնէն Ապահով Եւ Կայուն Երկիրներէն Է» Շեշտեց Վիլայեթի

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.