Վարչապետ Հարիրի Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա: Նշենք, որ «դէպի Ռիատ աշխատանքային այցելութիւն» կոչուող Հարիրիի այս այցելութիւնը նոյն շաբթուան մէջ երկրորդն է: Միւս կողմէ, նախքան իր մեկնումը, վարչապետ Հարիրի երէկ կէսօրին նախագահեց ընտրական օրէնքի գործադրութեան յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Նուհատ Մաշնուք, Ալի Հասան Խալիլ, Ժըպրան Պասիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Քանսօ, Թալալ Արսլան,...



















