Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, որոնց հետ շարունակեց քննարկել Հարիրիի հրաժարականին վերաբերող մանրամասնութիւններն ու Լիբանանի մէջ ստեղծուած այս տագնապը լուծելու հեռանկարները:
Հանդիպումներուն ընթացքին հանրապետութեան միւֆթին բարձր գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը` հանդարտութեամբ եւ համբերութեամբ լուծելու այս տագնապը:
Միւֆթի Տըրիան մաղթեց, որ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը յաւելեալ համբերութեամբ եւ խոհեմութեամբ զինուին` լուծելու համար այս հարցը:
Միւֆթի Տըրիան առաւօտեան ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց. «Հակառակ այն զգացումին, թէ տագնապի մէջ կը գտնուինք, նախորդ 48 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած կեցուածքները, որոնք ազգային միասնականութեան եւ երկրին գերագոյն շահերը պաշտպանելու սկզբունքներուն վրայ հիմնուած են, առթած են դրական մթնոլորտ մը»:
Պասիլ նշեց, որ այս տագնապը կարելի է վերածել առիթի եւ միասնականութեամբ լուծել զայն: «Պիտի չարտօնենք, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական երկփեղկում արձանագրուի, ո՛չ ալ պիտի արտօնենք, որ Լիբանանը բաղկացնող շերտերէն մէկը գէշ զգայ: Լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը կը փափաքի երկրին խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, բարգաւաճումն ու ազգային միասնականութիւնը պահպանել, իսկ այս իմաստով իրարու նկատմամբ մեր իրականացնելիք հասկացողութիւնը պիտի վերածուի նուաճումի», շեշտեց ան:
Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ստեղծուած տագնապին հետ վարուելու հանդարտութեամբ` առանց աճապարելու:
«Կարեւոր է, որ այս բարդ կացութեան ընթացքին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ մնայուն խորհրդակցութիւններ կատարուին եւ ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանուին, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել նաեւ երկրին ապահովական ու տնտեսական կայունութիւնը», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք կը յարգէ Հըզպալլան` աւելցնելով սակայն, որ Հըզպալլայի հետ կան որոշ տարակարծութիւններ, որոնք պէտք է լուծուին: «Ատիկա կարելի է իրականացնել երկխօսութեան ընդմէջէն, որպէսզի կարելի ըլլայ թէ՛ Հըզպալլան եւ թէ՛ Լիբանանի գերագոյն շահերը փրկել», ըսաւ ան:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ իր կարգին այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ միւֆթի Տըրիանի հետ:
Ֆուշիէ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանան լաւ վիճակի մէջ է, որովհետեւ անոր բոլոր ղեկավարութիւնները տիրող տագնապին հետ ազգային հոգեբանութեամբ կը վարուին` ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն, առանց քաղաքական անձնական հաշիւներ հետապնդելու:
Երեկոյեան միւֆթի Տըրիան ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը` ներկայութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիան հաւասարակշռուած հսկայ հեղինակութիւն մըն է, որ այլոց համար պէտք է ուսանելի օրինակ դառնայ:
Ան նշեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած է երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:


