Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. «Նախագահ Աունի Օրով Լիբանան Ամէնէն Ապահով Եւ Կայուն Երկիրներէն Է» Շեշտեց Վիլայեթի

November 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:

Երեկոյեան Վիլայեթի այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները, Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

Վիլայեթի ողջունեց Լիբանանի անկախութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր ազատութեան ու կայունութեան:

Վիլայեթի իր հանդիպումներուն շարքը սկսաւ վարչապետարանէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

«Նախագահ Աունի օրով Լիբանան ամէնէն ապահով եւ կայուն երկիրներէն է», ընդգծեց ան:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Իրան կրնայ աշխուժ դերակատարութիւն ունենալ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման իմաստով:

Հանդիպումէն ետք Վիլայեթի յայտնեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած են լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնք միշտ ամրապնդուած եղած են եւ շինիչ դերակատարութիւն ունեցած:

Վիլայեթի ընդգծեց, որ Իրան միշտ կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, զօրութեան եւ կառավարութեան:

«Կ՛ողջունենք վարչապետ Հարիրիի դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ կը շնորհաւորենք լիբանանեան իշխանութիւններն ու լիբանանցիները անոնց արձանագրած յաղթանակներուն համար, որոնց շարքին էր վերջերս ահաբեկչութեան դէմ անոնց արձանագրած յաղթանակը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական բոլոր կողմերը` թէ՛ Մարտ 14-ի եւ թէ՛ Մարտ 8-ի ուժերը բաղկացնող միացեալ կառավարութեան կազմութիւնը ինքնին նուաճում է:

Վիլայեթի բարձր գնահատեց ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը` հաստատելով, որ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակները կը նշանակեն Դիմադրութեան առանցքին մղած պայքարին յաղթանակը, «հետեւաբար շրջանին մէջ մենք բոլորս յաղթական ենք», ըսաւ ան:

Վարչապետարանէն մեկնելէ ետք, Վիլայեթի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպումէն ետք Վիլայեթի շեշտեց, որ շնորհաւորած է Պըրրին ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակին առիթով: Ան աւելցուց, որ ամերիկեան վարչակարգը` սիոնականութեան զօրակցութեան ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ սիոնականութիւնը ինքնին, միշտ ալ փորձած են քանդել Դիմադրութիւնը, սակայն չեն յաջողած:

Վիլայեթի շեշտեց, որ մօտիկ ապագային Եփրատի արեւելեան շրջաններուն ու Ռաքքային ազատագրումն ալ պիտի վկայեն բոլորը` աւելցնելով, որ այդ զարգացումներուն մասին ինք եւ Պըրրի նախատեսութիւններ կատարած էին:

Ապա ան հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

Քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:

Վիլայեթի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Վիլայեթի շեշտեց, որ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը աշխուժ ու գործունեայ ընթացք եւ ոճ ստացած է` Պասիլի արտաքին գործոց նախարար նշանակումէն ետք:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Լիբանանի Եւ Ֆրանսայի Միջեւ Մշակութային Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Միջազգային Գիտաժողով. «Կրթամշակութային Կեանքը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տարիներուն»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.