Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիչըրտ Բանակին 42,9 Միլիոն Տոլարի Փոխանցում Կը Կատարէ` Շեշտելով Լիբանանի Կայունութեան Նկատմամբ Ուաշինկթընի Յանձնառութիւնը

Նոյեմբեր 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը` ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխնախարար, ամերիկեան օդուժի պետ Հայտի Կրենթի եւ անոր ընկերակցող զինուորական պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

Ռիչըրտ գնահատեց ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին իրականացուցած նուաճումները` ներքին թէ արտաքին ճակատներուն վրայ:

Ռիչըրտ բանակի հրամանատարին յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն լիբանանեան բանակին կատարած է 42,9 միլիոն տոլարի փոխանցում մը, որպէսզի բանակը կարենայ երկրին սահմանները պաշտպանելու առումով իր կարիքները հոգալ:

Ռիչըրտ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Լիբանանի կայունութեան, ժողովրդավարութեան, բարգաւաճումին, բարգաւաճման  ծրագիրներու իրականացումին եւ լիբանանեան բանակին հետ գործակցութեան:

Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան իշխանութիւններուն եւ Հայտի Կրենթի` բարձր գնահատելով անոր դերակատարութիւնը լիբանանեան օդուժի կարողութիւններու բարելաւման գործին մէջ:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ պատմական եւ ռազմավարական գործակցութեան:

Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռիչըրտի հետ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ լիբանանեան բանակին յատկացուած նիւթական օժանդակութեան առիթով:

Նախորդը

Ռուհանի Կը Զգուշացնէ Սէուտական Իշխանութիւնները. «Մեր Զօրութիւնը Գիտէք, Եւ Ձեզմէ Մեծերը Ձախողեցան Մեր Դէմ Որեւէ Բան Ընել»

Յաջորդը

Ֆուշէ Պըրրին Հրաւիրեց Ֆրանսա Եւ Այցելեց Միքաթիի

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Անհրաժեշտ Է, Որ Պատերազմի  Լեզուին Տեղ Բանակցութեան Լեզուն Տիրէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Անհրաժեշտ Է, Որ Պատերազմի Լեզուին Տեղ Բանակցութեան Լեզուն Տիրէ»

Դեկտեմբեր 5, 2025
Սահմանագծումի Անուղղակի Բանակցութիւններու  Չորրորդ Նիստը Աւարտեցաւ.  Հինգերորդը` 2 Դեկտեմբերին
Լիբանանեան

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն Կը Յուսայ, Որ «Մեքանիզմ»-ի Ժողովը Նպաստէ Լիբանանի Մէջ Պատերազմի Վերսկսումէն Խուսափելու

Դեկտեմբեր 5, 2025
«Սալամին Փոխանցեցի, Թէ Քաթար Պիտի Շարունակէ  Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Աջակցիլ Լիբանանեան Կառավարութեան»  Կ՛ըսէ Քաթարի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Սալամին Փոխանցեցի, Թէ Քաթար Պիտի Շարունակէ Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Աջակցիլ Լիբանանեան Կառավարութեան» Կ՛ըսէ Քաթարի Դեսպանը

Դեկտեմբեր 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?