Սէյիտ Նասրալլա. «Ի՞նչ Պատահեցաւ Վերջին 24 Ժամուան Ընթացքին.
Իրաւունք Ունինք Կասկածելու, Թէ Հարիրի Ռիատի Մէջ Պատանդ Է»
Լիբանանցիները վարժ են «Դէպի Ռիատ աշխատանքային այցելութիւն» անուանումը կրող վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիա կատարած յաճախակի այցելութիւններուն, սակայն անցեալ ուրբաթ օր կատարուած այցելութիւնը երկրին մէջ ստեղծեց տհաճ, տխուր ու լուռ մթնոլորտ եւ քաղաքական անորոշութիւն, երբ վարչապետը անակնկալօրէն Ռիատէն յայտարարեց, թէ կը հրաժարի իր պաշտօնէն:
Շաբաթ, 4 նոյեմբեր 2017-ի կէսօրին, «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուեցաւ Հարիրիի հրաժարականը, որ անակնկալ մը դարձաւ լիբանանցիներուն համար, որոնք նախ եւ առաջ հարց տուին, թէ վարչապետը ինչո՞ւ Սէուտական Արաբիայէն պիտի հրաժարի եւ երկրորդ, որ եթէ Լիբանանի մէջ քաղաքական առումով համերաշխութիւն կը տիրէր, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այդ քայլը:
Հարիրիի Անակնկալ Հրաժարականը
Ինչպէս նշեցինք, անցեալ շաբաթավերջին վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիայէն յայտարարեց իր հրաժարականը: «Արապիա» կայանը սփռեց Հարիրիի հրաժարականին ներկայացումը:
Իր հրաժարականին մէջ Հարիրի նշեց, որ Իրան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն միջամուխ կը դառնայ, լիբանանցիներուն միասնականութիւնը խոցելի կը դարձնէ` սադրանքներ նախապատրաստելով, պետութեան մէջ պետութիւն կը հիմնէ եւ կը տիրէ Լիբանանի պետական որոշումներուն:
«Դժբախտաբար, Հըզպալլա իր ձեռքը մեկնած է Իրանին եւ թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ շրջանին մէջ կը կատարէ անոր բոլոր բաղձանքները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ Իրանի ձեռքերը պիտի կտրուին:
Վարչապետ Հարիրի նշեց, թէ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը նման է իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան նախօրեակին տիրող կացութեան` յայտնելով սպանութեան թիրախ դառնալու իր մտավախութիւնը:
Հարիրի ըսաւ, որ ինք չի փափաքիր լիբանանցիները յուսախաբ դարձնել եւ ընդունիլ անոնց սկզբունքներուն հետ հակադրուող տեսակէտները: «Ես վստահ եմ, որ լիբանանցիներուն կամքը հզօր է, եւ անոնք պիտի կարենան թօթափել իրենց վրայ պարտադրուող հոգատարութիւնը: Կը խոստանամ, որ ականատես ըլլանք յոյսերով ու լաւատեսութեամբ լեցուն օրերու, որոնց ընթացքին մենք պիտի կարենանք ազատ ու անկախ ապրիլ` օրէնքին իշխանութեամբ եւ միայն բանակին զէնքով», եզրափակեց ան:
Նախագահ Աուն Հեռաձայնային Հաղորդակցութեամբ Մը
Իմացաւ Վարչապետին Հրաժարականին Մասին
Հարիրիի հրաժարականին հրապարակումէն անմիջապէս ետք, նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վարչապետ Հարիրիէն ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը անոր հրաժարականին մասին:
Հաղորդագրութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի սպասէ վարչապետ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձին` անկէ իմանալու հրաժարականին պատճառները եւ ըստ այնմ որոշում տալու:
Նախագահական պալատէն հրապարակուեցաւ նաեւ երկրորդ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարած է քաղաքական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու հետ` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնն ու արձանագրուած միամեայ նուաճումները պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին գերագոյն շահերը առաջնահերթ նկատելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի դէմ սպառնալիքները, յատկապէս իսրայէլեան սպառնալիքները կ՛ենթադրեն, որ լիբանանցիները միասնականութեամբ դիմագրաւեն բոլոր մարտահրաւէրները` առանց առիթ տալու, որ իրենց դիմադրողականութիւնը խոցելի դառնայ:
Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասատ Հարտանի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:
Նախագահ Աուն հեռաձայնային կապ հաստատեց նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի եւ շիի համայնքի միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալանի հետ:
Նախագահ Աուն երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային բնագաւառներուն կացութիւնը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով քննարկեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, ելեւմուտքի եւ ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի հետ` ընդգծելով Լիբանանի ելեւմտական կացութեան կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի եւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի հետ:
Նախագահ Աուն իր ցուցմունքները տուաւ բանակին եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Քուէյթի Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին հետ եւ անոր հետ քննարկած ներկայ իրադարձութիւնները` յետաձգելով Քուէյթ կատարելիք իր պաշտօնական այցելութիւնը:
Քուէյթի իշխանը շեշտած է, որ Քուէյթ որեւէ ատեն կ՛ողջունէ նախագահ Աունի այցելութիւնը, եւ կայունութիւն մաղթած է Լիբանանին:
Պըրրի Եգիպտոսէն Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղէ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ վարչապետի հրաժարականի լուրին տարածուելու պահուն պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Գահիրէ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նախագահ Աունի, հոգեւոր պետերու եւ կարգ մը նախարարներու հետ` քննարկելու համար հրաժարականին կապուած մանրամասնութիւնները:
Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պըրրի ինքնազսպումի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ մաղթեց, որ լիբանանեան լրատուամիջոցները պատասխանատուութեամբ վարուին տիրող կացութեան հետ:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սիսիի հետ, որ Եգիպտոսի զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութեան, ապահովական անվտանգութեան եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան:
Սէյիտ Նասրալլա Հանդարտութեան Կը Հրաւիրէ Բոլորը`
Կոչ Ուղղելով Անոնց Չմտահոգուելու
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն անդրադարձաւ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականին` շեշտելով, որ նախքան Ռիատ մեկնիլը, վարչապետը անդրադարձած էր Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին կատարուելիք յաւելեալ օժանդակութիւններու, Լիբանանի տնտեսական բնագաւառին մէջ ներդրումներ կատարելու, նպաստելու «Փարիզ 4» խորհրդաժողովին յաջողութեան եւ այլ ծրագիրներու:
«Սակայն Ռիատ մեկնումէն 24 ժամ ետք իմացանք անոր հրաժարականին մասին: Սկսելու համար` Հարիրիի հրաժարականին ներկայացումը միայն «Արապիա» կայանին յատուկ էր, եւ ցարդ ոչ ոք գիտէ, թէ այդ 24 ժամուան ընթացքին ի՛նչ պատահած է», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան հաստատեց, որ Հարիրիի հրաժարականը սէուտական որոշում մըն է, որ պարտադրուած է վարչապետին: «Իսկ անոր կարդացած հաղորդագրութիւնը լիբանանեան բնագիր չէ, այլ` սէուտական: Բոլորս ծանօթ ենք վարչապետին ոճին, եւ այդ բանաձեւումները սէուտական էին», ըսաւ Նասրալլա` աւելցնելով, որ նոյնիսկ Մուսթաքպալ հոսանքը զարմացած է եւ անակնկալի եկած:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք չէին փափաքեր, որ Հարիրի հրաժարի, որովհետեւ կառավարութեան աշխատանքները բնականոն ընթացքի մէջ էին, եւ հակառակ որոշ տարակարծութիւններու, երկրին մէջ արձանագրուեցան նուաճումներ: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը ի վիճակի էր նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց նաեւ, որ հրաժարականի ձեւն ու վայրը իրենց կարգին հարցականներ կը ստեղծեն այն իմաստով, որ վարչապետը Լիբանանի գերիշխանութեան ու արժանապատուութեան, ինչպէս նաեւ իր արժանապատուութեան գիտակցելով կրնար Պաապտա այցելել եւ նախագահ Աունին յանձնել իր հրաժարականը: «Այս իրականութիւնը նաեւ փաստ մըն է, թէ Սէուտական Արաբիա ի՛նչ մակարդակի, ձեւի եւ չափի միջամտութիւններ կը կատարէ լիբանանեան ներքին հարցերուն», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ հրաժարականին քաղաքական բովանդակութեան կը մերժէ անդրադառնալ, որովհետեւ անիկա Հարիրիի գործելաոճին չի համընկնիր:
Ան կոչ ուղղեց հանդարտ մնալու, համբերելու, մեկնաբանութիւններ չկատարելու եւ կեցուածքներ չճշդելու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ որոշ իրականութիւններ հասկնալ եւ հրաժարականին պատճառները բացայայտել:
«Յստակ է նաեւ, որ պատճառները լիբանանեան չեն, այլ` սէուտական: Հետեւաբար պէտք է սպասել», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Անդրադառնալով Ռիատի մէջ իշխաններու եւ թագաւորական ընտանիքի անդամներու ձերբակալութիւններուն ու արգելափակումներուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Այո՛, իրաւունք ունինք մտահոգուելու վարչապետով եւ կասկածելու, թէ ան Ռիատի մէջ պատանդ է»:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն իրենց մտահոգութիւնները փարատելու` հաստատելով, որ Լիբանան իր իմաստութեամբ, քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները պահպանելով եւ պատասխանատու վարուելակերպով պիտի կարենայ դիմագրաւել այս իրավիճակը:
«Սակայն մինչ այդ պէտք է պահպանենք մեր ունեցած հարստութիւնը` ապահովութիւնը, կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ քաղաքական լարուածութեամբ, փողոց իջնելով, սադրանքներով, մագլցումներով եւ ցեխարձակումներով ոչինչ կարելի է փոխել, ընդհակառակն` այդպիսով իրականացած նուաճումները նաեւ կարելի է կորսնցնել:
Սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ անապահով զգալու մասին Հարիրիի կարդացած բնագիրին մէջ նշուած պատճառաբանութեան եւ ըսաւ, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցներն ու բանակը կտրականապէս հերքած են Հարիրիի եւ քաղաքական ոեւէ անձնաւորութեան դէմ մահափորձի վարկածին գոյութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց, որ այս մասին մատնանշումներ կատարողները դատական իշխանութիւններուն կողմէ կանչուին, որպէսզի ներկայացնեն իրենց տեղեկութիւններուն աղբիւրները եւ պարզապէս ժողովուրդը ջղագրգիռ դարձուցած չըլլան:
Իսկ ակնարկելով իսրայէլեան սպառնալիքներուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իսրայէլ լաւ կը մտածէ ու հաշուարկը կը կատարէ յաջորդ պատերազմին ընթացքին իր ունենալիք վնասներուն եւ այդ պատճառով ալ անոր համար դիւրին չէ նման անխոհեմ քայլեր առնել, «յատկապէս երբ անոր կրելիք վնասը ռազմավարական է եւ կը վտանգէ Իսրայէլի գոյութիւնը»:
Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց նաեւ, որ եթէ Իսրայէլ որոշէ պատերազմ սանձազերծել, ապա անոր համար կառավարութեան կեցուածքները, զայն բաղկացնող ուժերը կամ վարչապետին ինքնութիւնը տարբերութիւն չեն ըներ:
Նշենք, որ սէյիտ Նասրալլայի արտասանած ճառէն ետք Հարիրի թուիթըրեան գրառում մը կատարեց եւ իր լուսանկարներէն մէկը տեղադրեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ուալիտ Եաագուպի հետ:
Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կը Հերքեն
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ իրեն պատկանող տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձախողցուցած է վարչապետ Հարիրիի դէմ գործուելիք մահափորձ մը:
Ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէնութիւնը կտրականապէս հերքեց կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այս լուրերը` զանոնք կոչելով անճիշդ եւ անստոյգ:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր կարգին հաստատեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը քաղաքական անձնաւորութիւններ թիրախ դարձնելու ծրագիրներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէին` աւելցնելով, որ Պետական անվտանգութեան ուժերը իրենց կարգին հաստատած են, որ մահափորձի ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ չունէին:
Նշենք, որ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, թէ Հարիրիի հրաժարականէն օրեր առաջ, ապահովութեան ուժերը Պէյրութի մէջ ձախողցուցած են վարչապետին դէմ ծրագրուած մահափորձ մը:
Մուսթաքպալ Կը Ջնջէ Ի Նպաստ Հարիրիին Զօրակցական Հաւաքները
Մուսթաքպալ հոսանքը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտարարեց, թէ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ի նպաստ Հարիրիին կազմակերպուելիք զօրակցական հաւաքները ջնջուած են:
Նշենք, որ Մուսթաքպալ պլոքը գումարեց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Պլոքը կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց Հարիրիի կեցուածքներուն եւ որոշեց իր նիստերը բաց պահել` քննարկելու համար որեւէ զարգացում:
Լիբանանեան Թղթոսկիին Վիճակը Կայուն Է
Առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ վարչապետին հրաժարականը իր ազդեցութիւնը պիտի չունենայ լիբանանեան թղթոսկիին վրայ, որուն վիճակը կայուն է: Ան նշեց, որ երկիրը ելեւմտական, տնտեսական եւ ապահովական իմաստով կայուն է, որովհետեւ ան ունի զօր. Միշել Աուն անունով հանրապետութեան հզօր նախագահ մը:
Խուրի յայտնեց, որ Լիբանան աւելի լուրջ տագնապներ ալ դիմագրաւած է` պահպանելով հանդերձ իր կայունութիւնը:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Հարիրիի հրաժարականը երկրին տնտեսութեան եւ լիբանանեան թղթոսկիին կայունութեան վտանգ չի սպառնար:
Կեդրոնական դրամատան պատասխանատուներ հաստատեցին, որ լիբանանեան թղթոսկին պիտի մնայ կայուն` աւելցնելով, որ Հարիրիի հրաժարականը ոչ մէկ կերպով պիտի ազդէ լիբանանեան թղթոսկիի կայունութեան:
Նշենք, որ արաբերէնով գործող Իսրայէլի պաշտօնական կայքը ողջունեց Հարիրին, որ կը մերժէ Իրանի բռնագրաւումը:
Իրան Հարիրիի Հրաժարականը Կը Նկատէ Լիբանանի Եւ
Շրջանին Մէջ Լարուածութիւն Հրահրելու Ազդանշան
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասիմի նշեց, որ Հարիրիի հրաժարականը սիոնական-սէուտական-ամերիկեան նոր բեմագրութիւն մըն է, որ կը միտի Լիբանանի եւ շրջանին մէջ լարուածութիւն հրահրել:
Քասիմի նշեց, որ Իրան միշտ կոչ ուղղած է շրջանի երկիրներուն խաղաղութեան ու կայունութեան, որովհետեւ շրջանին մէջ իր շահերը կ՛իրականանան ապահովական կայունութեան հաստատումով եւ ամբողջ շրջանին տնտեսական բարգաւաճումով:
Քասիմի հաստատեց, որ Թեհրան կը յարգէ Լիբանանի անկախութիւնը եւ յանձնառու կը մնայ անոր ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ համոզուած է, որ լիբանանցիները այս փուլը պիտի կարենան դիւրաւ դաղթահարել:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նկատել տուաւ, որ Հարիրիի հրաժարականը ներքին լիբանանեան հարց է` աւելցնելով, որ Հարիրի ճնշումի տակ հրաժարած է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի խորհրդատու Հիւսէյն Շէյխ Իսլամ Հարիրիի հրաժարականին մասին ըսաւ. «Երանի ան իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի իմաստութիւնը ունենար, եւ յարգելով լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը, Պէյրութէն յայտարարէր իր հրաժարականը»:
Շէյխ Իսլամ ընդգծեց, որ Հարիրիի հրաժարականին պարտադրումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Սէուտական Արաբիոյ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտելազիզ գահաժառանգ իշխանին կողմէ, որպէսզի Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւնը լարուածութեան ենթարկեն:
Իրանի պետական շուրայի նախագահի միջազգային հարցերու յատուկ օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան յայտնեց, որ Հարիրիի հրաժարականը կը զուգադիպի ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ուաշինկթընի կողմէ շրջանը մասնատելու ծրագիրին ձախողութեան:
Ան նշեց, թէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի Պէյրութի մէջ հաստատած էր, որ Իրան կը փափաքի Լիբանանի անկախութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը վկայել:
Ապտելլահեան շեշտեց, թէ Հարիրիի հրաժարականը Լիբանանի մէջ պիտի ստեղծէ քաղաքական բաց մը, որ կը ծառայէ սիոնական գոյացութեան շահերուն:
Իսրայէլ Կը Շահագործէ
Իր կարգին, Իսրայէլ փութաց շահագործելու Հարիրիի հրաժարականը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ Հարիրիի հրաժարականը իբրեւ զարթուցիչ պէտք է հնչէ միջազգային ընտանիքի ականջին, որպէսզի ան Սուրիոյ մէջ Իրանի բռնարարքները կասեցնէ: «Իրան կը փորձէ Սուրիան այլ Լիբանանի մը վերածել եւ անիկա ո՛չ միայն Իսրայէլի, այլեւ` ամբողջ Միջին Արեւելքին վտանգ կը սպառնայ», ըսաւ Նեթանիահու:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման շեշտեց, թէ Հարիրիի հրաժարականը կը փաստէ, որ Լիբանանը համազօր է Հըզպալլայի, որ իր կարգին համազօր է Իրանին, որ աշխարհի դէմ վտանգ կը սպառնայ:
Պուխարի Եւ Միքաթի Կ՛այցելեն Տար Ֆաթուա
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ առաւօտեան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործակատար Ուալիտ Պուխարին:
Հանդիպումէն ետք Պուխարի մեկնեցաւ` մերժելով մեկնաբանութիւններ կատարել:
Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Հարիրիի հրաժարականը ունի իր պատճառները:
Ան աւելցուց, որ իրենք կը զօրակցին Հարիրիին եւ կը հասկնան անոր հրաժարելու որոշումը:
Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ այդ հարցը պէտք է երկխօսութեամբ եւ հանդարտութեամբ լուծել:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հաստատեց, որ ինք վարչապետի պաշտօնին թեկնածու չէ` կոչ ուղղելով կառչած մնալու Լիբանանի սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին:
Միքաթի յայտնեց, որ ինք Տըրիանին առաջարկած է տագնապը լուծելու նախաձեռնութիւն մը` աւելցնելով, որ այդ նախաձեռնութիւնը հանրապետութեան միւֆթիին տրամադրութեան տակ է եւ ան որեւէ ատեն կրնայ բացայայտել զայն:
Նշենք, որ Հարիրիի հրաժարելէն անմիջապէս ետք Միքաթի թուիթըրեան գրառումով մը մաղթած էր, որ այս տագնապը բարւօք լուծման արժանանայ` պահպանելով Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, համերաշխութիւնը, արաբականութիւնը եւ մարտահրաւէրները միասնականութեամբ դիմագրաւելու լիբանանցիին կամքը:
Հակազդեցութեան Ալիք
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան տխուր է վարչապետին հրաժարականով: «Բոլոր լիբանանցիները զարմացած են, որովհետեւ կառավարութիւնը լաւ կ՛աշխատէր եւ մեծ իրագործումներ ու նուաճումներ արձանագրած էր արդէն ու իր օրակարգին վրայ նոյնքան կարեւոր իրագործումներու ցանկ մը կար», ըսաւ ան:
Պասիլ յայտնեց, որ ոմանք նեղացած են Լիբանանի մէջ տիրող համերաշխութենէն, յատկապէս հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին միջեւ տիրող համախոհութենէն եւ այն իրականութենէն, թէ ինչպէ՛ս Ազգային ազատ հոսանքը համաձայն է Մուսթաքպալ հոսանքին, Լիբանանեան ուժերուն եւ Հըզպալլային հետ եւ բոլորին հետ Լիբանանի շահերուն ի խնդիր կը գործակցի: «Հետեւաբար, անոնք ճիգ չխնայեցին հարուածելու այս համաձայնութիւնները», ըսաւ ան:
Պասիլ նշեց սակայն, որ Հարիրիի հրաժարականը երկրին մէջ իշխանութեան տագնապ պիտի չստեղծէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի միասնականութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան որեւէ դաշինք, առանցք կամ երկիր:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Հարիրիի հրաժարականին պատճառները անյստակ են: «Ամէն պարագայի, հրաժարիլը Հարիրիի որոշումն է, սակայն մենք մեր հաւանութիւնը պիտի չյայտնենք, եթէ յաջորդ վարչապետը սիւննի համայնքին համար մարտահրաւէր մը ըլլայ եւ լիբանանեան ազգային համախոհութեան չարժանանայ», ըսաւ Ֆրենժիէ:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հարիրիի հրաժարականով վերջ գտաւ քաղաքական այն համաձայնութիւնը, որ անտրամաբանական էր եւ արտասովոր: Ան զգուշացուց երկրին իշխանութիւնը մենատիրութեան վերածելէ եւ որոշ առանցքի մը հետեւորդը դարձնելէ:
Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ապագայի մասին մտածելու եւ պատահածը վերածելու դրական առիթի մը` երկրին պետութիւնը հաստատ հիմերու, սահմանադրութեան եւ գերիշխանութեան հասկացողութեան վրայ հիմնելու նպատակով:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ միայն հանրապետութեան նախագահը կրնայ կացութիւնը փրկել` լիբանանեան քաղաքական կողմերը հրաւիրելով ազգային երկխօսութեան նիստի մը, որուն միակ օրակարգը կ՛ըլլայ լիբանանեան իսկական պետութեան կերտումը:
Ժահժահ յայտնեց, որ Հարիրի հրաժարեցաւ, որովհետեւ Հըզպալլա դարձած է երկրին իշխանութեան մենատէրը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ Հարիրիի կողմէ Սէուտական Արաբիայէն կատարուած յայտարարութիւնը լիբանանցիներուն վայել չէ:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ Հարիրի իր հրաժարականը ներկայացնելով քաջ քայլ մը առած է` աւելցնելով, որ Լիբանանը չէզոք պահելու ետին գոյացած համաձայնութիւնները կը վնասեն երկրին ու անոր գերիշխանութեան եւ կայունութեան:
Սլէյման շեշտեց, որ Հարիրիի հրաժարականը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի համար, եւ կոչ ուղղեց ապազինելու Հըզպալլան եւ Լիբանանը Հըզպալլայէն զերծ կացուցելու:
Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի կոչ ուղղեց կազմելու նոր կառավարութիւն մը, որուն պարտականութիւնը կ՛ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան ապահովելու Սաատ Հարիրիի տունդարձը` աւելցնելով, որ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ մէջ ձերբակալուած է եւ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի:
Ուահապ յայտնեց, որ Հարիրիի հրաժարականը կարելի է նկատել Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ սանձազերծուած պատերազմ մը:
Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահին կողմէ Հարիրիի հրաժարականին մերժումը զայն կը պահէ վարչապետի իր պաշտօնին վրայ, հետեւաբար անոր դէմ որեւէ արարք Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի:
Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ղեկավար Միրիամ Սքաֆ յայտնեց, որ իրենց գրաւը Հարիրիի կողմէ հրաժարելու իր որոշումը վերատեսութեան ենթարկելուն մէջ կը կայանայ:
Նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը իրեն զարմանք չի պատճառեր, «սակայն զարմանալին այդ է, որ Սէուտական Արաբիա հրաժարած է իր դիմակէն», ըսաւ Լահուտ:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումն ու զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը արդիւնք էին սէուտական-իրանեան համաձայնութեան եւ միջազգային ուժերու օրհնութեան: «Հետեւաբար պատահածը Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի ամուսնալուծումն է եւ ոչ թէ պատերազմի յայտարարութիւն», ըսաւ ան:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին ընթացքին ցաւ յայտնեց Հարիրիի հրաժարականին առիթով` մտահոգութիւն յայտնելով Լիբանանի կայունութեան վրայ անոր ունենալիք հետեւանքներէն:
Ան զօրակցութիւն յայտնեց երկրին միասնականութիւնը պահպանելու եւ քաղաքական տագնապներու դուռ չբանալու նախագահ Աունի կոչերուն:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդատու Ուալիտ Ֆարես յայտնեց, որ Հարիրիի հրաժարականը իրանեան կեցուածքներու հակազդեցութիւն կը նկատուի:
Ան նշեց, որ Լիբանանը պաշտպանելու առումով ամերիկեան յստակ կեցուածք պիտի յայտարարուի:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` պատասխանատուութեամբ վարուելու եւ Լիբանանը չառաջնորդելու դէպի ապակայունութիւն: