Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ գիշեր հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ յաջորդ փուլին գծով մտահոգութիւններ չկան:


