
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին մասին նախապէս անտեղեակ ըլլալուն մասին կատարած յայտարարութեան զուգահեռ, երէկ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ով հրատարակուած յօդուած մը կը զգուշացնէ, թէ Ռիատի որդեգրած քաղաքական նոր կեցուածքները Միջին Արեւելքը կրնան վերածել ճահիճի մը:
Նոյն յօդուածին համաձայն, կրնայ բռնկիլ յաջորդ պատերազմը:
Յօդուածագիրը` Մարք Լինչ, որ «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանի քաղաքական գիտութեանց եւ միջազգային հարցերու դասախօս է, խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը` զայն նկատելով միջամտողական եւ ձախող արտաքին քաղաքականութիւն մը:
Ըստ Լինչի, Հարիրիի հրաժարականը կրնայ վերածուիլ Հըզպալլայի դէմ զինուորական գործողութիւններու, որոնք կրնան արիւնալի բախումներու պատճառ դառնալ եւ խախտել կայունութիւնը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» իր կարգին կը գրէ, թէ լիբանանցիները կը փափաքին գիտնալ, թէ ո՞ւր կը գտնուի իրենց վարչապետը:
Միւս կողմէ, Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային յարաբերութիւններու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան երէկ հաստատեց, որ ամերիկեան-սէուտական-իսրայէլեան եռակողմանի գործակցութիւնը վարչապետ Սաատ Հարիրին ստիպած է հրաժարիլ:
Ապտելլահեան շեշտեց, որ Հարիրիի հրաժարականին պատճառներուն մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած զարգացումները, որոնք իրենց կարգին կ՛ազդեն Լիբանանի ապահովական կայունութեան վրայ:
Ան նշեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները Դիմադրութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զօրակցութեամբ պիտի կարենան շրջանցել այս տագնապը:
Ապտելլահեան Հարիրիին առաջարկեց վերադառնալ Լիբանան եւ չարտօնել, որ ուրիշներ միջամտեն եւ Լիբանանը Իսրայէլի ստրուկին վերածեն:
Ան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա իր ներքին հարցերը ծածկելու նպատակով պէտք է Պահրէյնի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ապահովութիւնը խախտէ, «իսկ Ռիատի մէջ արձանագրուած իւրաքանչիւր պատահարի ետին պէտք է փնտռել Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ գաղտնի դաշինքը», շեշտեց Ապտելլահեան:
Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանցիները տակաւին Հարիրիի հրաժարականին պատճառած հարուածին ազդեցութեան տակ կը գտնուին` ապրելով անորոշ վիճակի մը մէջ:
«Լը Ֆիկարօ» նշեց, որ սէուտական իշխանութիւններուն բանեցուցած ճնշումին տակ որդեգրուած այդ որոշումը կը միտի Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի կռիւը փոխադրել Լիբանան եւ Մայրիներու երկիրը քաղաքական յաւելեալ տարակարծութիւններու մէջ թաղել:
«Լը Ֆիկարօ»-ի համաձայն, Լիբանանի մէջ Իրանի ազդեցութիւնը տկարացնելու նպատակով կը նախատեսուի, որ Հըզպալլայի դէմ իսրայէլեան նոր պատերազմ մը սանձազերծուի:
Ֆրանսական շարժումներուն շրջագիծին մէջ «Ախպար» օրաթերթը գրած է, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նախանցեալ գիշեր Ռիատ գործուղեց Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին` միջնորդելու համար, որ Հարիրի փոխադրուի Փարիզ, պայմանով որ ան պահէ իրեն վստահուած ընդհանուր ուղղութիւնները, սակայն ֆրանսական ճիգերը ապարդիւն դուրս եկած են:
Հարիրիի հրաժարականին եւ Հըզպալլայի դէմ միջոցառումներ որդեգրելու զուգահեռ ընթացքին մասին «Սի. Էն. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ հարցում մը ուղղուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, որ յայտնեց, թէ Եգիպտոս Հըզպալլայի դէմ ոչ մէկ միջոցառում որդեգրելու կը միտի:
Իր կարգին, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդում մը կատարեց` շեշտելով, որ առկայ է իսրայէլեան ծրագիր մը, որուն նպատակն է զօրակցիլ Սէուտական Արաբիոյ` Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմին մէջ Հըզպալլայի մասնակցութիւնը արգիլելու անոր ջանքերուն գործադրութեան առումով:
Նոյն կայանը ընդգծեց նաեւ, որ Իսրայէլ կը զօրակցի Սէուտական Արաբիոյ` Եմէնի դէմ անոր պատերազմին մէջ:


