Սապհան. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Պիտի Նկատենք Պատերազմի Յայտարարութեան Կառավարութիւն` Հըզպալլայի Պատճառով»
Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին շուրջ անորոշութիւնը կը յամենայ, եւ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը կը պահեն իրենց զսպուածութիւնը` առանց իրարու հասցէին ցեխարձակումներ կատարելու ու մթնոլորտը ելեկտրականացնելու:
Ռիատի մէջ Հարիրիի պատանդ դառնալու կասկածները իրենց կարգին կը մնան գերակշիռ, հաւանաբար նաեւ այդ պատճառով, երէկ կէսօրին Հարիրի, որուն մտերիմները հաստատեցին, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ չեն կրնար կապուիլ անոր հետ, թուիթըրեան այլ գրառում մը կատարեց` զայն օժտելով Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հետ հանդիպումի նկարով մը:
Հարիրի տեղադրած էր իր եւ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին հետ իր հանդիպումի նկարը եւ գրած. «Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին հետ հանդիպում` Եամամա պալատին մէջ»:
Այս գրառումին մասին Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ կատարեց հետեւեալ հարցադրումը. «Արդեօք այս լուսանկարին նպատակը Հարիրիի հրաժարականին եւ տնային կալանքի տակ ըլլալու մասին կասկածները փարատելու փո՞րձ մըն է»:
Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ Ծոցի երկիրներու հարցերու պետական նախարար Թամեր Սապհան շեշտեց, որ Հարիրիի հրաժարականէն ետք Լիբանան նոյնը պիտի չմնայ: «Ոչ մէկ ձեւով կարելի է ընդունիլ, որ Լիբանան վերածուի դէպի մեր երկիրները ահաբեկչութիւն արտածելու ծառայող մարտկոցի, իսկ Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներէն կախեալ է, թէ ան ահաբեկչութեա՞ն, թէ՞ խաղաղութեան երկիր է», ըսաւ Սապհան:
Երեկոյեան Սապհան «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին բացայայտեց, որ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը հրաժարեալ վարչապետին բացատրած է Սէուտական Արաբիոյ դէմ Հըզպալլայի գործած բռնարարքներուն մանրամասնութիւնները` շեշտելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է գիտակցի, թէ Հըզպալլայի միլիսները Սէուտական Արաբիոյ դէմ վտանգ կը սպառնան:
Սապհան նշեց, որ Հըզպալլայի միլիսները կը մասնակցին Ռիատի դէմ գործուող ահաբեկչական ամէն տեսակի գործողութիւններու` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա կը մերժէ Լիբանանը տեսնել իր դէմ պատերազմ մղելու կարգավիճակին մէջ:
«Սէուտական Արաբիա քաղաքական եւ այլ բոլոր միջոցները պիտի որդեգրէ` Հըզպալլային դիմադրելու նպատակով: Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի նկատենք պատերազմի յայտարարութեան կառավարութիւն` Հըզպալլայի միլիսներուն պատճառով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հըզպալլա իր ազդեցութիւնը ունի Լիբանանի կառավարութեան տուած բոլոր որոշումներուն մէջ:
Սապհան շեշտեց, որ լիբանանցիները խաղաղութեան կամ Հըզպալլայի հովանիին միջեւ ընտրութիւն պէտք է կատարեն: «Լիբանանցիներն են, որոնք պիտի որոշեն, թէ Սէուտական Արաբիոյ հետ հարցերը ինչպէ՛ս պիտի լուծուին», ըսաւ ան:
Սապհան յայտնեց, որ Հըզպալլա դէպի Սէուտական Արաբիա թմրեցուցիչի մաքսանենգում կը կատարէ եւ սէուտցի երիտասարդները ահաբեկչութեան կը պատրաստէ: «Հարիրի եւ արժանապատուութիւն ունեցող լիբանանցիները պիտի մերժեն Հըզպալլայի միլիսներուն ընթացքը, իսկ Սաատ Հարիրիի վրայ հրաժարելու ճնշում բանեցնելու մասին սուտերը կը միտին լիբանանցիներուն միասնականութիւնը հարուածել», հաստատեց Սապհան:
Ան եզրափակեց ըսելով, որ լիբանանցիները կրնան Հըզպալլայի միլիսներուն չափազանցութիւններուն վերջ տալ` աւելցնելով, որ Լիբանան առեւանգուած է Հըզպալլայի եւ Իրանի կողմէ:
Միւս կողմէ, «Էլ. Պի. Սի.» կայանը հաղորդեց, որ երէկ կէսօրէ ետք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ Նատեր Հարիրի մէկ ժամուան հանդիպում մը ունեցած են:
Հանդիպումին մանրամասնութիւններուն մասին ոչինչ բացայայտուեցաւ:
Իսկ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ նախագահ Աուն երկրին քաղաքական ուժերուն հետ այսօր պիտի սկսի խորհրդակցութիւններ կատարել, որպէսզի այդ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ կարելի ըլլայ որոշում տալ:
Նախագահ Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ հանդիպումէն ետք ըսաւ. «Հանրապետութեան նախագահին հետ կատարեալ համաձայնութիւն կայ ներկայ տագնապին շուրջ: Իմացայ, որ վարչապետին հրաժարականին վերաբերող հաղորդագրութիւն մը լոյս տեսած է նախագահական պալատէն, եւ ես կը զօրակցիմ այդ հաղորդագրութեան` բառացիօրէն: Իսկ հրաժարականի կամ նոր կառավարութեան կազմութեան մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է»:
Պաապտայի Մէջ Ապահովական Եւ Տնտեսական Նիստեր
Տիրող այս մթնոլորտին լոյսին տակ, նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան նախագահեց ապահովական կառոյցներու եւ դատական իշխանութեան յատուկ նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ազգային միասնականութիւնը հիմնական է` պահպանելու համար երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ բոլոր ջանքերը պէտք է ծառայեն այդ միասնականութիւնը պահպանելու, յատկապէս երկրին դիմագրաւած այս զգայուն պայմաններուն մէջ:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին անոնց ցուցաբերած հասկացողութեան եւ երկրին անդորրը պահպանելու անոնց յանձնառութեան` աւելցնելով, որ այդ մօտեցումով միայն կարելի պիտի ըլլայ ամրապնդել երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքական ներկայ տագնապին լուծումներ գտնել:
Նախագահ Աուն ապահովական կառոյցի պետերէն պահանջեց պատրաստ մնալ եւ երկրին կայունութեան հսկելու իմաստով խստապահանջ ըլլալ, յատկապէս նկատի ունենալով վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ ոմանք կը պատրաստուին երկրին մէջ ապահովական խախտումներ կատարելու:
Նախագահ Աուն դատական իշխանութիւններէն պահանջեց գործակցիլ ապահովական կառոյցներուն հետ` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ նաեւ լրատուամիջոցներու դերակատարութեան` ընդգծելով զրպարտութիւններէն եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը խոցող իւրաքանչիւր եզրէ հեռու մնալու կարեւորութիւնը:
Նիստին ընթացքին ապահովական կառոյցներու պետերը ներկայացուցին իրենց տեղեկագիրները` երկրին մէջ տիրող ապահովական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ կայունութիւնը պահպանելու իմաստով որդեգրուած միջոցառումներուն վերաբերեալ:
Նիստէն ետք արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ նախագահ Աուն առանձինն ոչ մէկ որոշում պիտի տայ, նախքան Հարիրիի հետ հանդիպիլը:
Յետմիջօրէին նախագահ Աուն նախագահեց տնտեսական-ելեւմտական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին ելեւմտական ու տնտեսական կայունութիւնը առկայ է, եւ արտակարգ իրավիճակներ չեն ստեղծուած:
Իր կարգին, Խալիլ նիստէն ետք յայտնեց, որ Լիբանան իր ելեւմտական հաստատութիւններուն ընդմէջէն կացութիւնը հակակշիռի տակ կրնայ առնել:
Ան նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կրնայ ինքզինք ֆինանսաւորել` աւելցնելով, որ կառավարութեան, ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ սերտ գործակցութիւն կայ:
Խալիլ նաեւ դիտել տուաւ, որ երկիրը իր տագնապէն դուրս բերելու ճիգեր կան` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մնայուն կապի մէջ են, եւ թէ իրենք կը վստահին նման տագնապներու ընթացքին նախագահ Աունի որդեգրած գործելաոճին:
Թարապէյ յայտնեց, որ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական հաստատութիւնները պիտի կարենան դիմագրաւել այս տագնապը դրամատնային համակարգը լաւ տնօրինելով, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է, որ կարելի կ՛ըլլայ կայուն պահել լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը:
Քանաան իր կարգին նշեց, որ պետական ամավարկի նախագիծը նախագահ Աունի կողմէ ստորագրուած է եւ յղուած պետական պաշտօնաթերթին, ինչ որ տեղական եւ միջազգային իմաստով Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը կը բազմապատկէ:
Տար Ֆաթուայի Մէջ
Միւս կողմէ, Տար Ֆաթուա դարձաւ սիւննի քաղաքական անձնաւորութիւններուն այցելութեան հիմնական կեդրոնը:
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Իր կարգին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք այցելեց միւֆթի Տըրիանի:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք նշեց, որ բոլորը տեսան Հարիրիի եւ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հանդիպումին լուսանկարը, որ շատ մը զրպարտութիւններու վերջ կու տայ:
Մաշնուք հաստատեց, որ այդ հանդիպումը ցոյց կու տայ, թէ ամէն բան կարգին է եւ թէ վարչապետին Լիբանան վերադարձը հաւանական է:
Մաշնուք յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամէն իմաստով ամրապնդուած է` աւելցնելով, որ իրենք երէկ հանդիպում մը ունեցած են նաեւ նախագահ Աունի հետ եւ յստակ որոշումներ կայացուցած ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:
Ան հաստատեց, որ բոլոր առաջարկները, պատասխաններն ու հարցերը կը մնան անորոշ, այնքան ատեն որ Հարիրի տակաւին բոլոր հարցումներուն չէ պատասխանած:
Մաշնուք ընդգծեց, որ Հարիրիի հրաժարականէն անմիջապէս ետք նախագահ Աունի որդեգրած կեցուածքը շատ խոհեմ եւ իմաստուն էր, եւ ան կրցաւ հաւասարակշռել վարչապետի հրաժարականին ելոյթով ստեղծուած բացը:
Մաշնուք հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէին Հարիրիի սպանութեան մասին, «սակայն հաւանական է, որ արեւմտեան ապահովական աղբիւրներ ուղղակի Հարիրիին իմացուցած ըլլան անոր ապահովութեան սպառնացող ծրագիրներուն մասին», աւելցուց ան:
Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ֆրանսա Կը Յարգէ Հարիրիի Որոշումը»
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Ֆրանսա կը յարգէ Հարիրիի որոշումը, եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միասնականութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ գործելու:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Լիբանան նեցուկ կը կանգնի բարեկամ այս երկրին միասնականութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան:
«Մէկ տարուան բեղուն աշխատանքէ ետք, բոլորին շահերուն կը ծառայէ, որ Լիբանանը ապակայունութեան մթնոլորտ չմտնէ: Ֆրանսա մնայուն կապի մէջ պիտի ըլլայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հարիրիի Հրաժարականին Պատճառներուն Մասին Հակազդեցութիւնները Շարունակուեցան
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած իր գրառումին մէջ շեշտեց, որ այս փուլին ամէնէն աւելի հանդարտ եւ լուռ պէտք է մնալ, ինչպէս նաեւ սահմանադրութիւնն ու սահմանադրական հաստատութիւնները յարգել:
Ան շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը առաւելագոյն չափով պատասխանատու էր, հակառակ անոր որ ինք անոր որոշ տեսակէտները չի բաժներ:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հարիրիի հրաժարականով քաղաքական անտրամաբանական համաձայնութիւնը վերջ գտած է, եւ երկիրը մուտք գործած է նոր փուլ մը, որուն ընթացքին պէտք է առաւելագոյն պատասխանատուութեամբ վարուիլ:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ ստեղծուած նոր կացութիւնը պէտք է դրական քայլ մը նկատել` լիբանանեան պետութիւնը ամուր հիմերու վրայ կերտելու իմաստով:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս վարչապետ Հարիրիի հրաժարականին լոյսին տակ:
Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ ներկայ տագնապէն դուրս գալու միակ ձեւը գերիշխան կառավարութեան մը կազմութիւնն է` աւելցնելով, որ վարչապետի իրենց միակ թեկնածուն Սաատ Հարիրին է:
Ֆաթֆաթ անդրադարձաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նախանցեալ օրուան ճառին եւ զարմանք յայտնեց, որ ոմանք այդ ճառը ողջունած են` աւելցնելով, որ սէյիտ Նասրալլայի ճառը թունաւոր մեղր էր:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սիւննի համայնքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ ամէն բան կարելի է, եւ հարցերը կը քննարկուին, երբ Հարիրի Լիբանան վերադառնայ:
Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը եւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նախարարները մեկնեցան առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ Սին Էլ Ֆիլի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:
Նիստին ընթացքին ընդգծուեցաւ ներկայ փուլը հանդարտութեամբ եւ խոհեմութեամբ դիմագրաւելու կարեւորութիւնը:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան յայտնեց, որ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը շատ աւելի նախընտրելի է` ստեղծուած քաղաքական տագնապը լուծելու առումով, քան` Լիբանանէն հեռու գտնուիլը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ այս փուլին պահանջուածը լուրջ եւ իրական երկխօսութիւն մըն է` վերականգնելու համար լիբանանեան պետութեան դերակատարութիւնը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը կարելի չէ հասկնալ, որովհետեւ այդ հրաժարականի մեկնաբանութեան համար կը պակսի օղակ մը: Խազեն ընդգծեց, որ երկրին ապահովական եւ տնտեսական կացութեան ցնցումները աննախատեսելի են:
Երեսփոխան Պութրոս Հարպ կոչ ուղղեց կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ կազմակերպել երեսփոխանական ընտրութիւնները: Հարպ նշեց, թէ պայման է, որ այդ կառավարութեան անդամ նախարարները երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներ չըլլան:
Նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի խստիւ դատապարտեց նախագահ Աունի կողմէ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու չհրաւիրելը:
Ան շեշտեց, որ ատիկա հանրապետութեան նախագահին կողմէ սահմանադրութեան խախտում կը նկատուի:
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ պատասխանեց Ռիֆիին` շեշտելով, որ առանց հրաժարեալ վարչապետին հետ խորհրդակցելու, կարելի չէ նոր վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններու սկսիլ: «Սահմանադրութեան խախտումը արդարացուած է, եթէ անիկա հայրենիքը պաշտպանելու համար, իսկ Հարիրին, Տար Ֆաթուան եւ Լիբանանը սահմանադրութենէն կարեւոր են», շեշտեց ան:
Իրաւաբան եւ քաղաքական մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ Հարիրիի ապահովութեան ոչինչ կը սպառնար` աւելցնելով, որ բոլորին համար յստակ է, թէ վարչապետին հրաժարականը նախապէս գրուած էր, եւ ինք զայն կարդաց առանց համոզումի:
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Պահիա Հարիրի եւ Նատեր Հարիրի տեղեակ չէին Սաատ Հարիրիի հրաժարականին որոշումէն: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգ է, որ սէուտական զարգացումները Լիբանանի վրայ կրնան իրենց հետեւանքները ունենալ:


