Բուռն Կերպով Դատապարտելով Սինայի Ահաբեկչական Արարքը` Լիբանան Ցաւակցութիւն Յայտնեց Եգիպտոսին
Նախագահ Աուն երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին` վերահաստատելով իր եւ Լիբանանի զօրակցութիւնը Եգիպտոսին ու զոհերու ընտանիքներուն: Նախագահ Աուն բուռն կերպով դատապարտեց Սինայի Արիշ շրջանի Ռաուտա մզկիթին մէջ պատահած ահաբեկչական արարքը, որ խլեց 235 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Ան յայտնեց, որ հոգեւոր վայրերու մէջ պատահած այս արարքը ցուցանիշ է, թէ ահաբեկչութիւնը ո՛չ ազգ կը ճանչնայ,...



















