Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկախութեան 74-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Տողանցք Եւ Շնորհաւորութիւններ` Իշխանութեան Երեք Պետերուն Մասնակցութեամբ

Նոյեմբեր 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հարիրի Կ՛ընդառաջէ Նախագահին Խնդրանքին`
Հրաժարականի Կասեցման

Լիբանանի անկախութեան 74-րդ տարեդարձին օրը պարզուած քաղաքական տեսարանը, յատկապէս` լիբանանեան պաշտօնական մակարդակին վրայ, լաւատեսութեան մթնոլորտ ստեղծեց երկրին մէջ եւ իր դրական արձագանգները ունեցաւ մէկէ աւելի մարզերու մէջ:

Արդարեւ, չորեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Շաֆիք Ուազզանի անուան պողոտային վրայ զինուորական տողանցքով նշուեցաւ Լիբանանի անկախութեան 74-ամեակը` գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ  17 օրուան բացակայութենէ ետք գիշեր մը առաջ Լիբանան վերադարձած վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Տողանցքէն ետք իշխանութեան երեք պետերը ուղղուեցան Պաապտայի պալատ, ուր նախքան շնորհաւորութիւններ ընդունիլը ունեցան հանդիպում մը, որուն յաջորդեց նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի միջեւ դռնփակ այլ տեսակցութիւն մը:

Շնորհաւորութիւններու ընդունումէն առաջ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարեց, որ, թէեւ ինք իր հրաժարականը ներկայացուցած է նախագահին, սակայն` ընդառաջելով նախագահ Միշել Աունի խնդրանք-փափաքին, կը կասեցնէ Ռիատէն կարդացած իր հրաժարականի պաշտօնականացման ընթացքը` առիթ տալով յաւելեալ խորհրդակցութիւններու: Սաատ Հարիրի յոյս յայտնեց, որ իր այս քայլը դուռ կը բանայ լուրջ եւ պատասխանատու երկխօսութեան` փորձելով լուծել լիբանանեան կեանքին մէջ առկայ հարցերը: Ան հաստատեց, որ Լիբանան այս զգայուն ժամանակաշրջանին կարիք ունի բոլորին արտակարգ ջանքերուն, անոնց կողմէ շրջանային տագնապներէ չէզոքութեան պահպանման կառչածութեան: Վարչապետը աւելցուց, որ հետամուտ է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ իսկական գործակցութեան, որպէսզի լիբանանեան գերագոյն շահերը միշտ մնան բարձր անձնականներէն, որովհետեւ Լիբանան թանկագին աւանդ է, որ դրուած է տարբեր կուսակցութիւններու եւ ուժերու հոգատարութեան տակ, ուստի պէտք չէ վնաս հասցնել անոր:

Ան դիտել տուաւ, որ նախագահին հետ հանդիպումը առիթ էր շնորհակալութիւն յայտնելու անոր` սահմանադրութեան անոր կառչածութեան եւ անկէ դուրս գալէ մերժումին համար` աւելցնելով, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ իր կարգին խոհեմութիւն, սահմանադրութեան պահպանում եւ իրեն նկատմամբ եղբայրական կեցուածք դրսեւորեց: Հարիրի հաստատեց, որ ամբողջական համագործակցութիւնը պիտի շարունակէ նախագահ Աունի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել զինք շրջապատող հրդեհներէն: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր լիբանանցիներուն, որոնք հաւատարմութիւն ցուցաբերեցին իրեն նկատմամբ:

Ապա իշխանութեան երեք պետերը ընդունեցին շնորհաւորութիւններ` տարբեր անձնաւորութիւններէ, որոնց կարգին էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ իր շնորհաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Աւելի ուշ, Պէյրութի կեդրոնական շրջանի իր բնակարանէն վարչապետ Հարիրի ողջունեց ժամեր առաջ հոն եւ տան շրջակայքը համախմբուած մեծաթիւ  համակիրները, որոնց ուղղած իր խօսքին մէջ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ցուցաբերած հաւատարմութեան եւ անկեղծութեան համար` շեշտելով Լիբանանի կայունութեան առաջնահերթութիւնը եւ իր պատրաստակամութիւնը ի սպաս երկրի անդորրութեան ու բարգաւաճման: Ան հաստատեց, որ պիտի մնայ իր ժողովուրդին հետ, որուն հետ պիտի պայքարի Լիբանանի մէջ կայունութեան եւ արաբականութեան  ի խնդիր:

Արտաքին Կեցուածքներ

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ զօրավար Միշել Աունի հետ` վերահաստատելով Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ու կայունութեան:

Ուշագրաւ էր նաեւ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը` Լիբանանի անդորրութեան ու գերիշխանութեան պահպանման անհրաժեշտութեան գծով:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ եւս նախագահ Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տուած իր այցելութեանց ընթացքին շեշտեց Եգիպտոսի զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման:

Լիբանանի անկախութեան 74-րդ տարեդարձին առիթով շնորհաւորական հաղորդակցութիւններն ու այցելութիւնները հիմնականին մէջ շեշտեցին Լիբանանի կայունութեան հրամայականը:

 

 

Նախորդը

Հռոմի Պապը Ընդունեց Պշարա Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Իր Աւարտին Հասաւ 20-րդ Հեռուստամարաթոնը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?