Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերժելով Իրեն Վերագրուած «Ահաբեկչութեան Զօրակցութեան» Որակումը` Լիբանան Կը Յիշեցնէ Ու Կը Վերահաստատէ Իր Ազատ Ու Գերիշխան Պետութեան Հանգամանքը

Նոյեմբեր 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին օրերու իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի վարչապետ  Սաատ Հարիրիի հրաժարականին եւ Արաբական լիկայի հաղորդագրութեան, հերքումի եւ ընդվզումի լայն ալիք ստեղծեցին Լիբանանի մէջ:

Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն վերահաստատեց Լիբանանի ինքնիշխան ու ազատ հանգամանքը` մերժելով  լիբանանեան պետութեան ակնարկուած (եւ սրբագրուած` շնորհիւ լիբանանեան դիւանագիտութեան ճիգերուն)  «ահաբեկչութեան զօրակցութեան» որակումը: Նախագահ Աուն Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը ընդունելով անոր յիշեցուց, որ Լիբանան 1978-ին աւելի քան քառորդ դար դիմադրեց իսրայէլեան յարձակումներուն եւ ոտնձգութիւններուն` նշելով, որ Լիբանան պատասխանատու չէ արաբական թէ շրջանային տագնապներուն եւ կարելի չէ անոնց գինը վճարել` ի հեճուկս Լիբանանի քաղաքական թէ ապահովական կայունութեան: «Լիբանանի իրաւունքն է դիմադրել ու պաշտպանել իր հողը` կարելի բոլոր միջոցներով», շեշտեց  նախագահ Աուն` մերժելով  նոյնիսկ ակնարկութիւն կատարել լիբանանեան պետութեան կողմէ «ահաբեկչութեան զօրակցելու» հաւանականութեան: Հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ, թէ Լիբանան միշտ կոչ ուղղած է արաբական համերաշխութեան, միասնականութեան եւ տարակարծութեանց հարթումին: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Արաբական լիկային մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպանին նախանցեալ օր ցուցաբերած կեցուածքը արտացոլումն է լիբանանեան համազգային կամքին:

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ԷՍՔՈՒԱ-ի մէկ ժողովին մասնակցելու առիթով Լիբանան այցելող` Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ իր եւ արաբական երկիրներու հասկացողութիւնը յայտնեց Լիբանանի ու յատկապէս անոր քաղաքական կառոյցի իւրայատկութեան վերաբերեալ:

Նախագահ Աունի եւ ապա խորհրդարանի նախագահին տուած իր այցելութեանց աւարտին, լրագրողներուն կատարած իր յայտարարութեամբ Ապուլ Ղէյթ հերքեց, թէ Արաբական լիկայի հաղորդագրութիւնը կ՛ակնարկէր Լիբանանին` նշելով, որ Արաբական լիկային մէջ բոլորը կ՛ըմբռնեն ու կը հասկնան լիբանանեան կառուցուածքին եւ դրութեան իւրայատկութիւնն ու առանձնայատկութիւնը:

Նմանապէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունելով Ապուլ Ղէյթը անոր յիշեցուց Արաբական լիկայի ուխտի յառաջաբանին մէջ նշուած ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը: «Շնորհակալութիւն եւ ներողութիւն», շեշտեց Պըրրի. «շնորհակալութիւն`Աստուծոյ, իսկ ներողութիւն, որ պայքարած ենք Իսրայէլի դէմ»:

Այս մասին արձագանգեցին նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար, սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողքին, լիբանանեան քաղաքական դէմքեր, պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ` քաղաքական շարժումներ ու խմբաւորումներ, ինչպէս`  Կուսակցութիւններու հանդիպումը, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, Միրիամ Սքաֆ եւ այլ անձնաւորութիւններ, որոնք նոյնպէս դատապարտեցին լիբանանեան պետութեան «ահաբեկչութեան զօրակցելու»  ակնարկութեան փորձը:

 

 

Նախորդը

Աւելի Քան 85 Հազար Ելեկտրոնային Քուէարկողներ. Պասիլ. «Ընտրութիւնները` Ճշդուած Ժամկէտին»

Յաջորդը

Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութեանց Անդրադառնալով` Նասրալլա. «Պատմութիւնը Կրնայ Արձանագրել ՏԱՀԵՇ-ի Պետութեան Շիջումը»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?