Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրական Արձագանգներ Երկրի Ներքին Ճակատին ՎրԴրական Արձագանգներ Երկրի Ներքին Ճակատին Վրայայ

November 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրի քաղաքական եւ կուսակցական շրջանակներու կեցուածքները երէկ հիմնականին մէջ դրական արձագանգներով  հանդէս եկան` լաւատեսութեան ու կացութեան բարելաւման մթնոլորտ ստեղծելով:

Այդ կեցուածքները զուգադիպեցան շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ կայացող նոյնքան խոստմնալից հանդիպումներու մթնոլորտին:

Մուսթաքպալ Հոսանքի Եւ Պլոքի Միացեալ Նիստ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ նախագահեց երեսփոխանական Մուսթաքպալ պլոքի եւ համանուն հոսանքի քաղաքական դիւանի ու գործադիր գրասենեակի միացեալ արտակարգ նիստին` մասնակցութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, նախկին երեսփոխան Պասեմ Սապըհի եւ այլ պատասխանատուներու: Խորհրդակցութեանց աւարտին ժողովականները հաղորդագրութեամբ մը  ողջունեցին վարչապետ Հարիրիի ցուցաբերած կեցուածքը` «դանդաղեցնել» իր կարդացած հրաժարականի պաշտօնականացումը: Անոնք իմաստուն քայլ մը նկատեցին Հարիրիի այս կեցուածքը եւ ողջունեցին նախանցեալ օր  Հարիրիի զօրակցութեան համար համախմբուած համակիրները: Հաղորդագրութիւնը նաեւ շնորհաւորեց լիբանանցիները` անկախութեան տօնին առիթով:

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոք

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց շաբաթական իր հերթական նիստը, որուն աւարտին երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց պլոքի հաղորդագրութիւնը, ուր ժողովականները իրենց գոհունակութիւնը արտայայտեցին երկրի քաղաքական կացութիւնը իր բնականոն հունին վերադարձնելու նպաստող քայլերուն գծով: Անոնք դրական նկատեցին Հարիրիի վերադարձը, որ կ՛աւետէ հարցերու բնականոն վիճակի վերականգնումը:

Ողջունելով շրջանին մէջ առնուած քայլերը` ահաբեկչութեան դիմակալման միտող, հաղորդագրութիւնը դատապարտեց կարգ մը շրջանային կողմերու դրսեւորած ծայրայեղ կեցուածքները: Ժողովականները նաեւ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին Իրանի մէջ վերջերս պատահած երկրաշարժի զոհերուն գծով:

Նմանապէս` Ուահապ

Նմանապէս դրական արձագանգեց յաճախակիօրէն կողմերը քննադատող` Թաուհիտ կուսակցութեան պետ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ:

Ողջունելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքը` Ուահապ դիտել տուաւ, թէ նախագահ զօր. Միշել Աունի վարկն ու արժէքը առաւել եւս կ՛ամրագրուի ժամանակի թաւալումով` նշելով, որ ցարդ շատ մը իրագործումներ կատարուեցան Աունի օրով:

Պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը Ուիամ Ուահապ յայտնեց, թէ իր յարաբերութիւնները լաւ են Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ` մաղթելով, որ երկրի յաջորդ նախագահը ան ըլլայ:

 

Նախորդը

Երեսփոխան Ռաատ Կը Վերահաստատէ Լիբանանի Կայունութեան Ու Ներքին Անդորրութեան Պահպանման Պատրաստակամութիւնը

Յաջորդը

Հարիրի. «Առաջնահերթութիւնը Լիբանանի Կայունութեան Պահպանումն Է»

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

January 15, 2026
Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի  Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու
Լիբանանեան

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

January 15, 2026
Ընդունելով Լը Տրիանը`  Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ  Իր Յարձակումները Շարունակէ»
Լիբանանեան

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.