Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Վերադարձաւ Պէյրութ

Նոյեմբեր 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ուշ գիշերին վերադարձաւ Պէյրութ, ուր բարեկամներու խուռներամ բազմութիւն մը զինք դիմաւորեց` ապահովական խիստ միջոցառումներու հսկողութեան տակ:

17 օրուան բացակայութենէ ետք վարչապետ Հարիրի Փարիզէն իր վերադարձի ճամբուն վրայ կարճատեւ այցելութիւն տուաւ յաջորդաբար Եգիպտոսի եւ Կիպրոսի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած էին Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները` Հարիրիի Ռիատէն կարդացած հրաժարականի հետեւանքներուն լոյսին տակ:

Պէյրութի օդակայան հասնելէ ետք Հարիրիի առաջին կայանը եղաւ իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը, որմէ ետք ան այցելեց նաեւ կեդրոնական Պէյրութի մէջ հանգչող այլ նահատակ անձնաւորութիւններու շիրիմները, նախքան իր մեկնումը  կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանը:

Նշենք, որ անկախութեան ոգեկոչման առիթով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ծաղկեպսակ զետեղեց նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի շիրիմին:

Քաղաքական Նոր Փուլի Ծրագրաւորում

Անկախութեան տարեդարձի ոգեկոչման զուգահեռ կը նախատեսուի, որ այսօր միջլիբանանեան  քաղաքական հասկացողութեան նոր դասաւորում կատարուի, որուն լոյսին տակ պիտի վճռուի կառավարութեան ճակատագիրը:

Այս ծիրին մէջ խիստ հաւանական է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր հանդիպում մը ունենայ նախագահ Միշել Աունի հետ` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Այս առիթով խորհրդակցութեանց առանցքը պիտի կազմէ Հարիրիի Ռիատէն կարդացած հրաժարականին ճակատագիրը: Լրատուական աղբիւրներու համաձայն, Աուն-Հարիրի հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ վաղը` հինգշաբթի առաւօտուն:

Նշենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզէն մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ զօրավար Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ: Այս առիթով Եգիպտոսի նախագահը շեշտեց լիբանանեան տարբեր կողմերուն միջեւ համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնն ու արտաքին  միջամտութեանց մերժումը: Իր կարգին, Հարիրի յայտնեց, որ իր քաղաքական կեցուածքները պիտի յայտարարէ Լիբանան ժամանելէ ետք:

Աւելի ուշ վարչապետ Հարիրի ուղղուեցաւ Կիպրոս, ուր նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ եւս կարճատեւ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ:

Զօրակիցներու Եւ Համակիրներու Հիւրընկալում

Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեդրոնական Պէյրութի բնակարանի դռները այսօր պիտի բացուին` կէսօրին հիւրընկալելու համար վարչապետին զօրակցողներու եւ համակիրներու բազմութիւնը:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Հարիրիի զօրակիցներն ու բարեկամները ինքնաշարժներով ցնծութեան երթեր կազմակերպեցին Հարիրիի բնակարանին շուրջ` համախմբուելով  գլխաւորաբար Թարիք Ժտիտէէն, Զարիֆէն եւ մերձակայ շրջաններէն:

 

Նախորդը

Անկախութեան Տօնին Յատուկ Կեցուածքներ` Ներքին Մակարդակի Վրայ

Յաջորդը

Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակին Առիթով. Լիբանանի Անդորրութեան Ամրապնդման Հրամայականի Շեշտաւորում

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?