Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը երէկ ընդունեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ իր եւ լիբանանցի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Պապին` Լիբանանի հանդէպ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան եւ օրհնութեան աղօթքներուն համար:
Այս առիթով Ռայի պատրիարք Հռոմի պապին փոխանցեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ սէուտցի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման Պեն Ապտէլ Ազիզի եւ գահաժառանգ Մոհամմէտ Պեն Սալմանի հետ իր խորհրդակցութեանց մասին պապին ներկայացուցած իր զեկուցումին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտած է Լիբանանի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան գծով: Ռայի պատրիարք նաեւ կարեւորած է Լիբանանի հանգամանքը` շրջանին մէջ որպէս կայունութեան ազդակ, կրօններու եւ քաղաքակրթութեանց հանդիպման վայր եւ երկխօսութեան կեդրոն: