Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութեանց Անդրադառնալով` Նասրալլա. «Պատմութիւնը Կրնայ Արձանագրել ՏԱՀԵՇ-ի Պետութեան Շիջումը»

November 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ պատկերասփռուած ելոյթ մը ունեցաւ եւ անդրադարձաւ տեղական թէ շրջանային վերջին իրադարձութեանց: Լիբանանեան առումով Նասրալլա հաստատեց, որ կուսակցութիւնը  եւ առհասարակ Լիբանանը կը սպասեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձին` ընդգծելով Հըզպալլայի պատրաստակամութիւնը բացայայտօրէն քննելու բոլոր հարցերը: «Մեզի համար Հարիրի հրաժարած չի նկատուիր», շեշտեց ան:

Նասրալլա հեգնական ոճով անդրադարձաւ Արաբական լիկայի հաղորդագրութեան եւ  ցաւ յայտնեց Արաբական լիկայի հաղորդագրութեան մէջ լիբանանեան պետութեան եւ յատկապէս Հըզպալլային վերաբերող կեցուածքին համար` յիշեցնելով, որ առաջին անգամը չէ, որ Հըզպալլայի դէմ  նման վերագրում կը կատարուի: Ան հանգստացուց, թէ «ոչինչ կայ լարուածութեան մատնուելու եւ ջղայնանալու, այլ պարզապէս ցաւ կը յայտնենք»: Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ, թէ Լիբանանի մէջ համաժողովրդային վճռակամութիւն կայ չվերադառնալու որեւի ձեւի բախումի: Ան Դիմադրութեան զէնքը նկատեց երկրի կայունութեան ամրապնդման կարեւոր մէկ ազդակը:

Հըզպալլայի ղեկավարը դրուատեց լիբանանեան դիւանագիտութեան, յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութեան ճիգերը` Արաբական լիկայի հաղորդագրութեան սրբագրութեան գծով:

Շրջանային առումով Նասրալլա ողջունեց սուրիական ՊուՔամալ սահմանային  շրջանի ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրումը` ատիկա որակելով «զինուորական իրագործում» եւ յայտնելով, թէ տակաւին ՏԱՀԵՇ-ի որոշ մնացորդներ կան Սուրիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ, սակայն կարելի է յաղթահարել զանոնք եւ ահաբեկչական այդ խմբաւորումին դէմ վերջնական յաղթանակը հեռու չէ:  «Պատմութիւնը կրնայ արձանագրել ՏԱՀԵՇ-ի պետութեան շիջումը», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա: Ան զարմանք յայտնեց, որ մինչ Իրան եւ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ կը պայքարին ու կը վտարեն ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ-ի խմբակները, իրե՛նք կը դատապարտուին ահաբեկչական պիտակաւորումով, եւ հարց տուաւ. «Դուք ի՞նչ ըրիք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ»:

Նասրալլա հերքեց Հըզպալլայի պատասխանատուութիւնը Սէուտական Արաբիոյ դէմ հրթիռարձակման հարցին առնչութեամբ` հերքելով նաեւ, որ Հըզպալլա հեռահար հրթիռներ ուղարկած է Եմէն:

Նախորդը

Մերժելով Իրեն Վերագրուած «Ահաբեկչութեան Զօրակցութեան» Որակումը` Լիբանան Կը Յիշեցնէ Ու Կը Վերահաստատէ Իր Ազատ Ու Գերիշխան Պետութեան Հանգամանքը

Յաջորդը

Անգարա Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցով Յայտարարութիւն Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.