Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկախութեան Տօնին Յատուկ Կեցուածքներ` Ներքին Մակարդակի Վրայ

Նոյեմբեր 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախութեան 74-ամեակին առիթով ներքին մակարդակի վրայ եւս նախարարներ շնորհաւորական հաղորդակցութիւններ ունեցան եւ վերահաստատեցին երկրի անկախութեան ու գերիշխանութեան պահպանման կարեւորութիւնը:

Բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աուն զինուորականներուն ուղղած իր օրուան հրահանգին մէջ շեշտեց գերագոյն արթնութեան ու զգուշութեան անհրաժեշտութիւնը եւ երկպառակութեան կանխարգիլման հրամայականը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդանշական հանդիսութեան ընթացքին զօրավար Աունի խօսքը կարդաց սպայակոյտի պետ զօրավար Հաթեմ Մալլաք, որ կոչ ուղղեց զինուորներուն տէր կանգնելու երկրի կայունութեան ու ապահովութեան եւ դիմակալելու երկպառակութեան որեւէ փորձ:

Քաղաքական պատգամներով յատկանշուող իր խօսքին մէջ բանակի հրամանատարը դրուատեց զինուորներու խիզախ կեցուածքը` «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան իրագործման համար:

Նշենք, որ նախագահի շնորհաւորութեան համար Պաապտայի պալատ այցելած զինուորականներու պատուիրակութիւնը զինուորական նոր տարազով ներկայացաւ նախագահ Աունին:

Իպրահիմ. «Այս Տարի Անկախութեան Տօնը  Յաւելեալ  Արժէք Ունի»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր կարգին շեշտեց Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդումը: Պեքաայի մէջ ընդհանուր ապահովութեան նոր կեդրոնի մը կառուցման աշխատանքներուն հետեւելով Պաալպեքի մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս տարի անկախութեան տօնը յաւելեալ արժէք ունի` շնորհիւ բանակի հերոսական խիզախութեան, որ կրցաւ երկրին արեւելեան սահմանները ազատագրել ահաբեկչական վտանգէն եւ շեշտել Լիբանանի գերիշխանութեան  կարեւորութիւնը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով հարց տուաւ. «Անկախութիւն` որմէ՞»:

Նախորդը

Քանաան. «Հարիրիի Վերադարձը Կը Վերաշխուժացնէ Սահմանադրական Երթը»

Յաջորդը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Վերադարձաւ Պէյրութ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?