Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Մաքրոնին

November 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղակատուական գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Առաջին տիկին Պրիժիթ շաբաթ, 25 նոյեմբերին, Էլիզէի պալատին մէջ ընդունած են Սաատ Հարիրիի կինը` Լարա Հարիրին եւ անոր զաւակները` Լուլուան, եւ Ապտել Ազիզը, որոնք կ՛այցելէին Փարիզ:

Վարչապետ Հարիրի «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքրոնին եւ Առաջին տիկին Պրիժիթին, որոնք իր ընտանիքը հրաւիրած էին Էլիզէ:

Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց երկրորդ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք ջերմ ընդունելութիւն կազմակերպեցին` դիմաւորելու Հարիրին:

Հաղորդագրութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք ապահովեցին Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը ուղղուող ժողովրդային պատուիրակութիւններուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ լիբանանցի, արաբ եւ օտար լրագրողներուն, որոնք բացառիկ կերպով անդրադարձան այդ իրականութեան:

Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց Պէյրութի քաղաքապետարանին մայրաքաղաքի փողոցներէն վերացնելու Հարիրիի Լիբանան վերադարձին առիթով ճամբաները զետեղուած անոր բոլոր որմազդներն ու լուսանկարները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի «Ռաժոլ» շաբաթաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի ապակայունութեան պատճառը Հըզպալլան է, որ շրջանին մէջ կ՛օգտագործուի իբրեւ Իրանի մէկ թեւը:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի զէնքին` Հարիրի շեշտեց, որ այդ հարցին լուծումը շրջանային պիտի ըլլայ եւ ոչ ներքին լիբանանեան:

Հարիրի նշեց, որ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններուն մասին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կատարած յայտարարութիւնները մերժելի են` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա միշտ օժանդակած է Լիբանանին` առանց խտրութեան:

Հարիրի բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին քաղաքական տեսլականն ու սէուտական ղեկավարութեան կեցուածքը:

Հարիրի դրուատեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի անձնաւորութիւնը` աւելցնելով, որ ան մարտահրաւէրներ դիմագրաւող անձ մըն է, որ աշխուժ կերպով կը գործէ:

Ան նշեց, որ ինք ամբողջ կեանքին նուիրուած պիտի մնայ Ռիատին:

 

Նախորդը

Խալիլ. «Անցնող Քանի Մը Շաբաթները Փաստեցին, Որ Ազգային Միասնականութիւնը Պահպանած Է Լիբանանի Կայունութիւնը»

Յաջորդը

Նախագահական Պալատը Նարնջագոյնով Կը Լուսաւորուի

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.