Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւատես Եւ Խոստմնալից Մթնոլորտի Մէջ. Երկրին Ղեկավարները Կը Շեշտեն Ապահովական Թէ Քաղաքական Կայունութեան Առաջնահերթութիւնը

Նոյեմբեր 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախութեան 74-րդ տարեդարձին առիթով պարզուած քաղաքական տեսարանը, յատկապէս` լիբանանեան պաշտօնական մակարդակին վրայ, երկրին մէջ ստեղծեց լաւատեսութեան մթնոլորտ, որ իր դրական արձագանգները ունեցաւ մէկէ աւելի մարզերու մէջ:

Փաստօրէն, վարչապետ Հարիրիի ցուցաբերած «համբերատար» կեցուածքը վայրկեանին ծնունդը չէր, այլ անիկա արգասիքն էր տեղական թէ արտաքին քուլիսային հաղորդակցութիւններու` Փարիզէն մինչեւ Ուաշինկթըն եւ Գահիրէ, անցնելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ու Կիպրոսէն:

Խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան եւ հաստատուեցան նաեւ երէկ` քաղաքական ու դիւանագիտական շնորհաւորական հաղորդակցութեանց ընդմէջէն, ինչպէս` ամերիկեան ազգային անվտանգութեան խորհրդական, զօրավար Հերպըրթ Մաքմասթըր, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ կապուելով վերահաստատեց, որ իր երկիրը կառչած կը մնայ Լիբանանի կայունութեան եւ անոր սահմանադրական թէ վարչամեքենայի կառոյցներուն: Նմանօրինակ հաղորդակցութիւն մը կայացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի միջեւ: Նախապէս եւս նմանօրինակ տրամադրութիւններով հաղորդակցութիւններ կատարուած էին երկրի երեք իշխանութեանց հետ ամերիկեան, ֆրանսական եւ միջազգային կազմակերպութեանց նախագահներուն եւ պատասխանատուներուն կողմէ:

Քաղաքական իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն յառաջիկայ շաբաթասկիզբին ձեռնարկէ քուլիսային թէ բացայայտ սերտ խորհրդակցութիւններու քաղաքական «բանալի» դէմքերու թէ կողմերու հետ` առ ի պատրաստութիւն ազգային երկխօսութեան վերաշխուժացման: Այս ծիրին մէջ կարգ մը աղբիւրներ հերքեցին այն հաւանականութիւնը, թէ վարչապետ Հարիրի երկու շաբաթէն մինչեւ մէկ ամսուան ընթացքին պիտի վճռէ իր կեցուածքը` իր հրաժարականի վերջնականացման գծով:

Աւելի՛ն, իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի ֆրանսացի պատուիրակի մը մօտերս Լիբանան այցելութիւնը` մօտէն հետեւելու խոստացուած երաշխիքներու իրագործման նախաքայլերուն:

Նախագահ Աուն. «Մի՛ Վախնաք, Տագնապը Շրջանցեցինք»

«Մի՛ վախնաք, տագնապը շրջանցեցինք կարճ ժամանակուան մէջ, շնորհիւ մեր ազգային ներքին միասնականութեան: Ամէն ինչ կ՛ընթանայ ի շահ Լիբանանի: Այլեւս ունինք լիիրա՛ւ անկախ հայրենիք, որ այլ պետութեանց հետ համահաւասար եւ ոչ թէ ենթակայութեան մակարդակի վրայ է», նշեց նախագահ Աուն: Իր այցելուներու ներկայութեան կատարած յայտարարութեամբ նախագահ Աուն ըսաւ. «Այնքան ատեն որ ներքին ճակատի վրայ համերաշխ ենք, ոչ ոք կրնայ խախտել մեր անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու միասնականութիւնը»:

Հարիրի. «Կ՛ապրինք Մարտահրաւէրներու Փուլ Մը»

Նոյն ծիրին մէջ, վարչապետ Սաատ Հարիրի վերահաստատեց Անկախութեան տօնին առիթով Պաապտայի պալատին մէջ իր դրսեւորած դրական տրամադրութիւնները` շեշտելով Լիբանանի կայունութեան առաջնահերթութիւնը եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ի սպաս երկրին անդորրութեան ու բարգաւաճման:

Երէկ երեկոյ Պէյրութի ընտանիքներէն պատուիրակութիւններ ընդունելով` վարչապետ Հարիրի ըսաւ. «Կ՛ապրինք մարտահրաւէրներու փուլ մը, որովհետեւ կը գտնուինք տագնապներու մէջ հրկիզուող շրջանին մէջ, ու պէտք է չէզոք քաղաքականութիւն վարել»: «Երկար ճամբայ ունինք կտրելիք, կան որոշ տարակարծութիւններ, սակայն ներկայիս մէկ կողմ դրած ենք զանոնք, ոչ թէ վախնալով, այլ որովհետեւ երկրին կայունութիւնն ու անդորրութիւնը առաջնահերթ են, եւ կ՛ուզենք  առիթ տալ  բոլոր կողմերու կեցուածքներուն բիւրեղացման», ընդգծեց վարչապետ Սաատ Հարիրի:

 

Նախորդը

Բուռն Կերպով Դատապարտելով Սինայի Ահաբեկչական Արարքը` Լիբանան Ցաւակցութիւն Յայտնեց Եգիպտոսին

Յաջորդը

Խմբագրական. Աւանդականի Եւ Ժամանակակիցի Համատեղումով (Պատանիի Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?