Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ռումանիա, ուր պիտի ստորագրէ զինուորական գործակցութեան վերաբերող համաձայնագիր մը, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ ռումանացի իր պաշտօնակիցին եւ պետական այլ պաշտօնատարներու հետ:

ԱՍՈՒՆ – ՏԸՆՆԻԷ շրջանին մէջ կրակ բացողը եւ անոր եղբայրը անձնատուր եղան բանակի գաղտնի սպասարկութեան: Անոնք շաբաթավերջին իրենց գնդացիրներով գնդակոծած էին սրճարան մը յաճախող քաղաքայիններ եւ վիրաւորած 12 անհատներ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքները շարունակէ` նկատի ունենալով վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին կասեցումը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանան մեծ ջանքեր ի գործ դրած է կացութիւնը իր բնականոն իրավիճակին վերադարձնելու իմաստով:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապը կը շարունակուի, հակառակ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ հրաժարականը կասեցնելու որոշումին:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ Հըզպալլա դիմադրող կուսակցութիւն է եւ անիկա չի կրնար ահաբեկչութեան համազօր նկատուիլ: Ֆարես նշեց նաեւ, որ Իրան Լիբանանի բարեկամ երկիր է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ շնորհիւ դիմադրողական քաղաքականութեան իրենք կրցած են Լիբանանը քանդելու նոր ծրագիր մը հակակշռել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական երկրաշարժ մը պատճառել փափաքող կողմերը ձախողած են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ պատասխանատուութիւնը մեծ է, եւ պէտք է անպայման վերսկսիլ կառավարութեան աշխատանքին ու բազմապատկել զայն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր հասունութեամբ եւ յստակութեամբ կ՛արտայայտէ Լիբանանի դիմագրաւած հարցին խորքն ու էութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ պատահածը եւ անոր անհետանալը ազգային արժանապատուութեան վարկաբեկում էր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ բոլոր կողմերը համաձայն են լիբանանեան ազգային միասնականութեան պահպանումին` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ամէն ինչ իր ճիշդ հունին մէջ է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ Լիբանանի կամ անոր բարեկամ որեւէ երկրի դէմ քայլերու դիմելու արարքները խիստ մերժելի են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ կը կատարուին խորհրդակցութիւններ` գործադրելու համար շրջանային տագնապներէն ինքզինք չէզոք պահելու Լիբանանի քաղաքականութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ Լիբանանն ու շրջանը կը դիմագրաւեն զգայուն փուլ մը` աւելցնելով, որ իրենք վտանգի գօտիէն դուրս եկած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Լիբանանի ներքին կայունութիւնը վերահաստատելու համար անհրաժեշտ է մտայնութեան արմատական սրբագրութիւն կատարել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ պէտք է Լիբանանի դիմագրաւած տագնապի վերջին փուլին մնացորդացէն փրկուիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերսկսիլ կառավարութեան աշխատանքներուն:

 

Նախորդը

Ժաաֆարի. «Մեր Պատերազմը Գաղափարական Է Եւ Չի Ճանչնար Աշխարհագրութիւն Ու Սահման»

Յաջորդը

Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Սենտիքան Կոչ Կ՛ուղղէ Մասնակցելու Դասադուլին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.