Կիներու դէմ բռնութեան կասեցման միջազգային օրուան առիթով շաբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան նախագահական պալատը լուսաւորուեցաւ նարնջագոյնով` համաձայն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի թիւ 54.834 որոշումին:
Լիբանանի մէջ այս առիթով սկսաւ նաեւ արշաւ մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 10 դեկտեմբեր, որ կը զուգադիպի Մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրուան:
Արշաւին նպատակը պիտի ըլլայ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ աշխուժութիւն յառաջացնել` կիներուն եւ իգական սեռին դէմ բռնութիւնը կասեցնելու նպատակով:
Այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն բացումը կատարեց «Ապաատ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ տեղադրուած յուշարձանին, որ նուիրուած է ընտանեկան բռնութեան զոհ գացած լիբանանցի կիներուն յիշատակին:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ կիներու իրաւունքները յարգելու իմաստով Լիբանան բացթողումներ արձանագրած է: «Մենք թերացած ենք կիներուն իրաւունքները յարգելու իմաստով, իսկ իմ առաջին մտայղացումս եղաւ այն, որ կիներուն եւ տղամարդոց միջեւ օրէնքի խտրութիւնները ջնջեմ: Բռնութիւնը կը քանդէ ընտանիքը, որ ընկերութեան առաջին բջիջն է, հետեւաբար անիկա կը քանդէ նաեւ ընկերութիւնը», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան շեշտեց, որ տղամարդոց խիղճը պէտք է արթննայ, եւ անոնք պէտք է վերջ տան կիներուն դէմ իրենց գործած բռնութիւններուն:
Իր կարգին, փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի ողջունեց լիբանանցի կինը, մայրը, քոյրը, ուսուցչուհին, հիւանդապահուհին եւ դաստիարակը, որ լիբանանցի ընտանիքը հիմնող եւ պահպանող սիւնն է:
Ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Պու Ասի այս առիթով կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Կիներուն դէմ բռնութիւնը կեանքի եւ մարդ արարածի արժանապատուութեան դէմ գործուած բռնութիւն է: Տղամա՛րդ եղիր` յարգէ՛ կինը»: