Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Սենտիքան Կը Պահանջէ Թիւ 46 Օրէնքի Գործադրութիւնը

November 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ յայտնեց, որ ուսուցիչները այսուհետեւ պիտի չբաւարարուին զգուշացումի դասադուլ կատարելով, այլեւ մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն` պահանջելով աշխատավարձի յաւելման վերաբերող թիւ 46 օրէնքի գործադրութիւնը:

Ապպուտ շեշտեց, որ սենտիքան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դատական հայց ներկայացնելու այն դպրոցներուն դէմ, որոնք կը զլանան ուսուցիչներուն իրաւունքները յարգել, այլ խօսքով` անոնց աշխատավարձի յաւելումները տրամադրել:

Ապպուտ նշեց, որ այսօր կրթութեան նախարարութեան կեդրոնին դիմաց տեղի ունենալիք նստացոյցին ընթացքին պիտի յայտարարեն այն դպրոցներուն անունները, որոնք կը մերժեն յարգել թիւ 46 օրէնքի գործադրութիւնը:

Իր կարգին, Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար յայտնեց, որ երէկուան դասադուլին կարգ մը դպրոցներ մասնակցեցան, իսկ կարգ մը այլ դպրոցներ մերժեցին մասնակցիլ: «Մեր պարտականութիւնն է մեր դպրոցներուն դռները բաց պահել ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն դիմաց:

Հայր Ազար շեշտեց, որ թիւ 46 օրէնքը լուրջ հարցերու դիմաց կը զետեղէ դպրոցներն ու ծնողները, որոնք հսկայ գումարներ պէտք է վճարեն, որպէսզի դպրոցը կարենայ յարգել ուսուցիչին ստանալիք աշխատավարձի յաւելումը: Ան նշեց, որ այս մասին իրենք իրենց մտահոգութիւնները ներկայացուցած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին:

Միւս կողմէ, Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի Թրիփոլիի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով ուսուցիչներ:

Այս առիթով սենտիքայի անդամ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ իրենք պիտի ուղղուին մագլցողական քայլերու դիմելու, եթէ իրենց նկատմամբ այս անարդար վերաբերումը շարունակուի:

Նշենք, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ կարգ մը սեփական դպրոցներու ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան մը հետ, որուն ներկայութեան շեշտեց, թէ թիւ 46 օրէնքը իրաւունք է, սակայն վճարուելիք գումարները հսկայական են, եւ կարելի չէ կրթական տարեշրջանը կիսատ ձգել:

Համատէ յայտնեց, որ ինք այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքային հետ եւ պիտի բացատրէ, թէ կարելի չէ դասադուլ կատարել, երբ տակաւին ուսուցիչներուն իրաւունքները գործադրելու իմաստով յստակ պատկեր մը գոյութիւն չունի:

Նախորդը

Ֆատլալլա. «Յանձնախումբին Ատենագրութիւնը Յանձնեցինք Ելեւմտական Հարցերու Ընդհանուր Դատախազութեան»

Յաջորդը

«Լիբանան Կարողութիւնը Ունի Մնալու Շրջանի Զբօսաշրջութեան Հիմնական Ուղղութիւնը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.