Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Կարողութիւնը Ունի Մնալու Շրջանի Զբօսաշրջութեան Հիմնական Ուղղութիւնը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

November 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ ներկայութեամբ նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի Առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրի եւ ցուցահանդէսներու ու խորհրդաժողովներու միութեան նախագահ Էլի Ռըզքի, «Մայս Լեպանոն» ընկերութեան վարչութիւնը կատարեց «Էքսփլօ» ցուցահանդէսին մեկնարկը:

Այս առիթով տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը շրջանցելէ ետք ինք կը շարունակէ գործադրել զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու նպատակով մշակուած ռազմավարութիւնը:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ այսօր կատարուող ցուցահանդէսի մեկնարկը մաս կը կազմէ իրենց որդեգրած ռազմավարութեան` աւելցնելով, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը նոյն ընթացքով եւ հաւատքով պիտի շարունակէ իր աշխատանքը` վերահաստատելու համար Լիբանանի նկատմամբ բոլորին վստահութիւնը:

Ան նշեց, որ ներքին լիբանանեան առումով այդ վստահութիւնը առկայ է, սակայն պէտք է նաեւ զայն վերահաստատել արտաքին իմաստով:

«Լիբանան կարողութիւնը ունի մնալու շրջանի զբօսաշրջութեան հիմնական ուղղութիւնը, եւ որքան ալ բարդ ու դժուար ըլլայ երկրին կացութիւնը, Լիբանան կը մնայ այն լաւագոյն վայրերէն, ուր օտար զբօսաշրջիկը կը փափաքի այցելել, նախքան արաբը», ըսաւ ան:

Աւետիս Կիտանեան կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան մարզին անդրադառնալու զբօսաշրջութեան նախարարութեան աշխատանքներուն ու անոր նեցուկ կանգնելու եւ ոչ թէ անոր դէմ գործելու, որովհետեւ տեղեկատուութեան մարզին առաքելութիւնն է լուսարձակի տակ առնել Լիբանանի լուսաւոր դէմքը:

«Մենք կարիքը ունինք մեր զսպուածութենէն դուրս գալու եւ մեր դէմքը ծածկող մշուշը մաքրելու: Կը խոստանամ, որ վեց ամիս ետք Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզը որակական զարգացում մը պիտի արձանագրէ», ընդգծեց նախարար Կիտանեան:

Իր կարգին, Մոհամետ Շքէյր շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Կիտանեանին եւ անոր ջանքերուն` երկրին զբօսաշրջութեան բնագաւառը աշխուժացնելու նպատակով:

Շքէյր յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը մաս կը կազմէ նաեւ այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը միտին երկրին զբօսաշրջութեան մարզին վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալ:

 

Նախորդը

Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Սենտիքան Կը Պահանջէ Թիւ 46 Օրէնքի Գործադրութիւնը

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.