Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Խորհրդակցութիւնները Դրական Դուրս Եկան. Քաղաքական Ուժերը Կ՛ընդգծեն Քաղաքական Ու Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը

Նոյեմբեր 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարիրի. «Կ՛ուզեմ Վարչապետ Մնալ,
Իսկ Հըզպալլա Պէտք Է Չէզոք Մնայ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին ընդունեց կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարները, որոնց կողքին նաեւ` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը:

Իր կատարած խորհրդակցութիւններէն ետք, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն ներկայացուց իր կատարած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը: Իշխանութեան Ա. եւ Գ. պետերուն հանդիպումէն կարճ ժամանակ ետք անոնց միացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու, սակայն ան նախագահական պալատ գտնուող լրագրողներուն հետ ինքնանկար մը առաւ` նշելով, որ իր լայն ժպիտը պէտք է խօսուն ըլլայ:

Երեկոյեան իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին վարչապետ Հարիրի արձանագրեց շարք մը կեցուածքներ, որոնց լոյսին տակ շեշտեց վարչապետ մնալու իր ցանկութիւնը:

Հարիրի «Սի. նիուզ»-ին ըսաւ. «Կ՛ուզեմ վարչապետ մնալ, իսկ Սէուտական Արաբիա պատահածը ինքզինքիս կը պահեմ: Մոհամետ պըն Սալմանը մեծ բարեկարգող է»:

Ան շեշտեց, որ շրջանային տագնապներուն նկատմամբ Հըզպալլա պէտք է չէզոք մնայ եւ արտաքին միջամտութիւններ չկատարէ:

Հարիրի յայտնեց, իր հրաժարականը «դրական ցնցում» մը եղած է` աւելցնելով, որ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու համար լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հաւանութիւնը կարեւոր է:

Հարիրի յայտնեց, թէ ինք պիտի հրաժարի, եթէ Հըզպալլա մերժէ ներկայ կացութիւնը փոխել` աւելցնելով, որ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն մէջ Հըզպալլայի միջամուխ դառնալուն հիմնական պատճառը Իրանն է:

«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ ինք կը փափաքի Լիբանանը կայուն պահել` աւելցնելով, որ ինք կ՛աշխատի երկրին շահերուն եւ դրական մթնոլորտի պահպանման ի խնդիր:

Իր կարգին, Պըրրի մեկնումի պահուն բաւարարուեցաւ ըսելով. «Լաւատես եղէք, որպէսզի անոր բարիքները վայելէք»:

Ապա նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Աուն երէկ կատարած է խորհրդակցութիւններ` քննարկելու համար լիբանանցիներուն կարեւոր հարցեր եւ յանգելու համար քաղաքական ուժերուն միջեւ հասարակ յայտարարներու` պահպանելու համար Լիբանանի շահերը:

«Նախագահ Աուն կ՛ողջունէ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն ընդառաջումը` իր նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ անոնց կատարած ընդգծումները` Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ երկրին բարգաւաճումը խոչընդոտող որեւէ արգելք վերացնելու իմաստով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, խորհրդակցութեանց արդիւնքները երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն պիտի ներկայացուին, երբ անոնք ամբողջանան` նախագահ Աունի Իտալիա կատարելիք այցելութենէն ետք:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն իր խորհրդակցութիւնները սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ընդունելով ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը` իբրեւ Ամալ շարժումի ներկայացուցիչ:

Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ արծարծուած հարցերուն մասին տեսակէտները գրեթէ նոյնն են: Ան շեշտեց, որ Ամալ շարժումը անհրաժեշտ կը նկատէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի եւ Ազգային ուխտի շրջագիծին մէջ գործելը, ինչպէս նաեւ սահմանադրական հաստատութիւններուն` յատկապէս նախարարաց խորհուրդի յարկին տակ խորհրդակցութիւնները շարունակելու առաջադրանքը:

Նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի հետ:

Նախագահ Աուն ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցիչ, հանրօգուտ շինութեանց հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսը:

Հանդիպումէն ետք Ֆընիանոս շեշտեց, որ նախագահ Աունի նախաձեռնութիւնը լիբանանեան ազգային միասնականութեան հարազատ արտայայտութիւնն է:

Ֆընիանոս յայտնեց, թէ Մարատա հոսանքը կը մաղթէ, որ կառավարութիւնը շարունակէ իր գործունէութիւնը` կառչած մնալով իր աշխատանքային ծրագիրին եւ Թաէֆի համաձայնագիրին:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որ Հըզպալլայի անունով յայտնեց, թէ իրենց տեսակէտները նախագահ Աունի կեցուածքներուն կը համապատասխանեն` մաղթելով, որ խօսքէն գործի մակարդակին կ՛անցնին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ շեշտեց, թէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը զօրակցի Լիբանանի ամբողջական չէզոքութեան եւ ոչ թէ ինքզինք շրջանային տագնապներէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան:

Ան շեշտեց, որ առանց պետութեան, գերիշխանութեան եւ զէնքի ուժը միայն պետութեան հակակշիռին տակ գտնուելու դրութեան կարելի չէ ամբողջական չէզոքութիւն նուաճել:

Նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլանը:

Արսլան զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունի կեցուածքներուն` հաստատելով, որ իրենք կը պահանջեն բացատրել «ինքզինք զանց կացուցել» եզրը:

Նախագահ Աունի այցելեց Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Հաննա Նաշեֆ, որ իր կարգին պահանջեց «ինքզինք զանց կացուցել» արտայայտութեան գիտական եւ օրինական բացատրութիւն ճշդել, որպէսզի Լիբանան զգուշանայ առանցքներու թակարդներուն մէջ իյնալէ:

Նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որ մեկնումի պահուն ընդգծեց, թէ

լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կառչած կը մնան ներքին համախոհութեան

պահպանումին` աւելցնելով, որ եթէ արդիւնքներու կ՛ուզենք յանգիլ, ապա պէտք է լուծենք տագնապին պատճառները:

Ժահժահ յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ սուրիացի տեղահանուածները վերադառնան իրենց երկիրը, եւ երկրին զինուորական որոշումը լիբանանեան պետութեան հակակշիռին տակ գտնուի, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջորդ փուլին ընթացքին քննարկել Հըզպալլայի զէնքին վերաբերող վերջնական լուծումը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ զէնքի հարցին քննարկումը Լիբանանը կը վերադարձնէ նախապէս կատարուած ազգային երկխօսութեան նիստերուն, որոնք անօգուտ են:

Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց նախագահ Աունի քաջութիւնն ու իմաստուն կեցուածքը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ լուծել Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը:

«Մենք նախագահ Աունի իմաստութեան կը վստահինք այս տագնապին լուծումը շարունակելու իմաստով», շեշտեց Ժոմպլաթ:

Նախորդը

«Կը Զօրակցինք Նախագահ Աունի Նախաձեռնութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

«Տինքը Իբրեւ Թիրախ Ցոյց Տուած, Մարդասպանին Ճամբայ Ցոյց Տուած Բազմաթիւ Պաշտօնեաներ Չդատապարտուեցան» Կ՛ըսէ Փայլան

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?