Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Նամակներ Կը Ստանայ Սիսիէն Եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Նախագահէն

November 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին Ֆուշէ Պըրրիի յանձնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահէն նամակ մը, որուն մէջ ան շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնը` մաղթելով, որ Պըրրի ընդառաջէ Ֆրանսա այցելութեան իր հրաւէրին:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական կացութեան վերաբերող հարցերը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ շնորհաւորական նամակ մը յանձնած է Պըրրիին:

Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով Եգիպտոսի զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ:

Նաժարի շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին` Եգիպտոսը հարուածած ահաբեկչութիւնը խստիւ դատապարտող անոր կեցուածքին համար:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած էր, որ կառավարութիւնը եւ զայն բաղկացնող քաղաքական ուժերը փոփոխութեան պիտի չենթարկուին` աւելցնելով նաեւ, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը իր կարգին փոփոխութեան պիտի չենթարկուի:

Պըրրի աւելցուց, որ Լիբանան շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը պիտի գործադրէ, երբ անոր գործադրութիւնը Լիբանանի շահերուն կը համընկնի:

Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ըստ ընտրական նոր օրէնքին եւ ճշդուած ժամկէտին: «Այս իմաստով Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերը հաստատումներ կատարած են, հետեւաբար ոչ ոք իրաւունք ունի կասկածի տակ առնելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Արսլանի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Ոստիկանուհիներու Ցուցահանդէսի Բացման Արարողութիւնը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.