Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Նուրա Ժոմպլաթ, Զասիփքինի կինը, ինչպէս նաեւ Ժոմպլաթի զաւակները` Թայմուր եւ Ասլան: